ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին ձօնուած տօնը։ Աւագ շաբթուան սկիզբին ընդառաջ, Ծաղկազարդի ցնծութիւնը հոգեւոր հրճուանքով համակեց հայ քրիստոնեայ հաւատացեալները։ Մանուկներու օրհնութեան կարգն ալ այս տարի դարձեալ առիթ հանդիսացաւ յուզումնախառն պահերու, մինչ մեր մատղաշ սերունդի առատօրէն բաժին վիճակեցաւ մեր եկեղեցւոյ օրհնութիւններէն։
Ծաղկազարդի առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Պատարագիչն էր Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ հանդիսաւոր անդաստան, որուն յաջորդեց մանուկներու օրհնութեան արարողութիւնը։ Մայր Տաճարի ատեանին մէջ հաւաքուած մանուկները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։
Իսթանպուլի մէջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ծաղկազարդի տօնին օրը ամբողջ համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վրայ, ուր արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պատարագիչն էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Խաչիկ Սարըլը, Գէորգ Ներկիզ, Ալէն Տիրան Ներկիզ եւ Արման Պուլտուքեան սարկաւագները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։
Յաւարտ արարողութեան, Նորին Սրբազնութիւնը պահքի սեղանի շուրջ մէկտեղուեցաւ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիրի եւ ընկերներուն հետ։
Յետմիջօրէին Ծաղկազարդի օրուան աւանդական արարողութիւնները շարունակուեցան նոյն ոգեւոր մթնոլորտին մէջ։ Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։ Ընդհանուր փոխանորդի կողքին էին՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, ինչպէս նաեւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։ Անդաստանին յաջորդեց շատ տպաւորիչ ուրիշ արարողութիւն մը՝ Դռնբացէքը, որմէ վերջ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգը։ Թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանէն բազմատասնեակ փոքրիկներ՝ ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած խորանին վրայ առարկայ դարձան հոգեւորականաց դասու անդամներու հայրական գուրգուրանքին։ Այս առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխանցեց իր օրհնութիւնները մանուկներուն։
Միւս կողմէ, մեր հայահոծ թաղերէն Ֆէրիգիւղի մէջ ալ Ծաղկազարդի օրուան արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ Հայր Սուրբը փոխանեց իր օրհնութիւնները թաղեցի մանուկներուն։