Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Այս առ­թիւ Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ՝ թա­ղի ծո­ցէն հա­սած նո­րապ­սակ այս հո­գե­ւո­րա­կա­նը ող­ջու­նե­լով։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, բազ­մա­թիւ քա­հա­նայ հայ­րեր եւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։ Թա­ղի Ս. Լե­ւոն Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ալ փու­թա­ցած էր Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան։

Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ, Վարդ­գէս Սրկ. Փես­տիլ­ճեան, Ար­ման Սրկ. Մա­րաշ­լեան, Գէորգ Սրկ. Ներ­կիզ, Ա­լէն Սրկ. Ներ­կիզ եւ Ժի­լպէռ Սրկ. Քա­րա­փեք­մէզ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, յա­րա­կից «Պա­լըք­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ պահ­քի սե­ղան մը։ Ներ­կայ էին Գա­տը­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան, Կա­րօ Հա­լէպ­լի եւ Ար­ման Մա­րաշ­լեան։ Ս. Թա­գա­ւոր երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եր­գով մը խան­դա­վա­ռե­ցին մթնո­լոր­տը, մինչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով։ Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հուսկ բան­քով։

Այս առ­թիւ բո­լո­րը ա­մե­նա­ջերմ զգա­ցում­նե­րով շրջա­պա­տե­ցին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նը, ո­րուն մաղ­թե­ցին ար­դիւ­նա­ւէտ ծա­ռա­յու­թեան եր­կար տա­րի­ներ։ Նոյն առ­թիւ գա­տը­գիւղ­ցի­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ շնոր­հա­ւո­րե­ցին ի­րենց հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեանն ու ե­րէց­կին-տի­րա­մայր Սիլ­վա Տա­մա­տեա­նը, ո­րոնք ըն­տա­նե­կան յար­կէ ներս ստեղ­ծուած կրօ­նա­բոյր մթնո­լոր­տին ի շա­րու­նա­կու­թիւն ի­րենց որ­դին ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015