ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ կ՚ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ այս մասին հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին պիտի ընկերանան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Ռուսաստանի ու Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս նախատեսուած են Նորին Սրբութեան հանդիպումները Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի եւ Թեմական խորհուրդի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ՝ քննարկելու համար անոնց հոգածութեամբ ձեռք բերուած ծրագրերու իրականացման ընթացքը։  ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ տեղի կ՚ունենայ Վեհափառ Հայրապետին ուղեւորութիւնը։ Նախատեսուած են նաեւ այլ անձերու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին կ՚արծարծուին Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներն ու առկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ հարցեր։ Ինչպէս ծանօթ է, յետպատերազմեան շրջանին Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Արցախի օգնութեան համար ստեղծուած է օժանդակութեան մասնաւոր յանձնախումբ մը, որու ատենապետն է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Վեհափառ Հայրապետը Մոսկուայի վրայով կ՚ուղեւորուի դէպի Նիւ Եորք։ Ան երէկ հրաժեշտ առած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ շաբաթավերջին կը հասնի Նիւ Եորք։ Կը նախատեսուի, որ Վեհափառ Հայրապետի այս ուղեւորութիւնը տեւէ շուրջ երկու շաբաթ։ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ Մոսկուայի վրայով պիտի վերադառնայ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետի մասնաւոր տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յատուկ յանձնարարութիւններով Հայրապետական նուիրակ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանն ալ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը։ Ան Լոս Անճելըսի մէջ կը հիւրընկալուի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021