Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՀՌՈՄԻ ՊԱՊԻՆ ԱՄՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին հետ՝ այս վերջնոյն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան շրջագծով։ Ըստ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան՝ Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց Սրբազան Քահանայապետին Միացեալ Նահանգներ կատարած անդրանիկ այցելութիւնը։ Ֆիլատելֆիլիոյ, Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ ընթացաւ Սրբազան Պապին ծրագիրը, որ առարկայ դարձաւ ամբողջ աշխարհի հետաքրքրութեան։ Ամերիկահայ համայնքի անդամներն ալ, ըլլալով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զաւակներ, ամէն ջանք ի գործ դրին ազգային իւրայատուկ ջերմութեամբ եւ խանդաղատանքով Պապին բարի գալուստ մաղթելու համար:
Սեպտեմբեր 25, Ուրբաթ առաւօտ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ Սրբազան Պապի աղօթքի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ այն վայրը, ուր 2001թուականի Սեպտեմբերի 11-ին ահաբեկիչներու գրոհին զոհ գացած էին շուրջ երեք հազար անմեղ հոգիներ: Արարողութենէն ետք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առիթն ունեցաւ Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ անունով անձնապէս ողջունելու Հռոմի Պապը:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, «Մատիսըն Սքուէր Կարտըն»ի մէջ Սրբազան Քահանայապետին մատուցած Ս. Պատարագին՝ Նիւ Եորքի Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ մասնաւոր հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Սրբազան Հայրը, որ մէկն էր ոչ-կաղթողիկէ կրօնական ղեկավարներէն, միւսը՝ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիմիթրիոս Արքեպիսկոպոսը:
Խաժակ Արքեպիսկոպոս իր հովուական առաքելութեան ընթացքին, նոյնիսկ Վատիկանի Պապական արեւելեան հիմնարկի մէջ իր ուսանողութեան շրջանին, բարեկամական յարաբերութիւն ունեցած է Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ: Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի առաջնորդ ընտրուելէ ետք՝ մօտիկ գործակցութիւն ունեցած է Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոսներ Կարտինալ Օ՚Քանըրի, Կարտինալ Իկընի եւ Կարտինալ Տոլընի հետ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու կաթողիկէ եկեղեցիներու ղեկավարներուն հետ:
Ան մեծ աշխատանք տարած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի սերտ յարաբերութիւններուն ի նպաստ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.-ի եւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա.-ի շրջանին կարեւոր դեր կատարած է, որպէսզի Հայ Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ղեկավարները պարբերական հանդիպումներ ունենան իրարու հետ: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Խաժակ Սրբազանը նշանակած է Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ: Այդ շրջանին է, որ Սրբազան Հօր կարգադրութեամբ՝ 2001 թուականին Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Հայաստան այցելեց, եւ 2015 թուականին Վատիկանի մէջ ոգեկոչուեցաւ 1915-ի զոհերուն յիշատակը:
Ամբողջ աշխարհի հայերը խոր յուզումով հետեւեցան այս տարուան Ապրիլ 12-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ, Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի Ս. Պատարագին՝ ի յիշատակ Մեծ եղեռնի նահատակներուն: Այս հոգեպարար արարողութեան կը մասնակցէին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնք եկած էին միասնական ոգիով յարգելու հայ նահատակներուն յիշատակը:
Այս կապակցութեամբ Խաժակ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Ֆրանսիսքոս Պապի հրապարակային յայտարարութիւնը շատ ազդու հաստատում մըն էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Պապը յիշեց նաեւ իր նախորդին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի բարոյական խոր զգացումները ցեղասպանութեան մասին: Հռոմի Պապին այս յայտարարութիւնը կարծէք բացաւ դուռը բոլոր ազգերուն եւ անհատներուն դիմաց՝ արտայատուելու եւ մանաւանդ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար: Կարծէք անոնք կը սպասէին, որպէսզի լռութիւնը բեկանուի, եւ Պապին անկեղծ խօսքերը անոնց արտօնութիւն տուին իրենց զգացումները յայտարարելու: Հայերուս համար խորապէս յուզիչ եւ անմոռանալի երեւոյթ էր տեսնել, որ մեր եկեղեցւոյ ղեկավարները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հռոմի Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսքոս Պապին հետ միասնաբար կ՚աղօթէին մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար»։
Հռոմի Պապին Միացեալ Նահանգներ այս այցելութեան առթիւ քաղաքի ամենաընդարձակ շրջագայութիւն ունեցող Catholic New York թերթի վերջին թիւին մէջ Արեւելեան Թեմը ամբողջ էջ մը ապահոված էր որպէս ծանուցում՝ շնորհակալութիւն յայտնելու Հռոմի Պապին՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իր զօրակցութեան համար: Նոյնպիսի զգացում մը արտայայտուած է Ֆիլատելֆիոյ հայ համայնքին կողմէ, որուն անդամներուն օժանդակութեամբ քաղաքի ամենաբանուկ շրջանին մէջ բարձրադիր ծանուցումի ցուցատախտակին վրայ եւ Philadelphia Inquirer-ի մէջ բարի գալուստ մաղթած են Նորին Սրբութիւն Պապին: