ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՎԵՐԱՕԾԵԱԼ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան կը պատարագէ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ ու վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ, որ երէկ առաւօտ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագով։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման զուգահեռ՝ շաբաթ մը ամէն օր երեկոյեան ժամերուն Ս. Պատարագ կը մատուցուի համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցի կամարներուն ներքեւ։ Այս ծիրէն ներս առաջին պատարագը կը մատուցանէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ այսօր երեկոյեան նաեւ կը քարոզէ Մայր Տաճարին մէջ։ Ս. Պատարագին կը հետեւին Պոլիսէն մեկնած ուխտաւորները, ինչպէս նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերակից հոգեւոր հայրերը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2024