ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը արդէն ամիսէ մը ի վեր կը դիմակայէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու լայնածաւալ յարձակման։ Մատնանշուած է Թուրքիոյ բացայայտ մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային վարձկաններու ներգրաւման հարցը։ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այս ընթացքին կը կիրառէ իր ողջ զինանոցը՝ ներառեալ միջազգայնօրէն արգիլւած զինատեսակները, որոնցմով կը թիրախաւորուին Արցախի բնակավայրերը, նաեւ խնամատարական, կրթական, մշակութային եւ պատմամշակութային նշանակութեամբ բազմաթիւ շինութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ ԳՀԽ առանձնացուցած է Ստեփանակերտի ծննդատան ռմբակոծումը, ինչ որ աննախադէպ վարքագիծ մըն է՝ նոյնիսկ ահաբեկչական խմբաւորումներու տեսանկիւնէն։ Ընդգծուած է, որ հայկական կողմը հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան պայքարին մէջ ունի հարիւրաւոր վիրաւոր եւ նահատակ զինուորականներ։ Բնակավայրերու հրետակոծութեան հետեւանքով կան նաեւ բազում վիրաւորեալներ եւ զոհեր խաղաղ բնակչութեան մէջ։

«Արցախի ժողովուրդի դէմ իրականացուած այս ոճրագործութիւններուն համար Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ինչպէս նաեւ այդ ոճրագործութիւններուն աջակցած եւ անմիջական մասնակից ռազմաքաղաքական միւս գործիչները պէտք է կանգնին միջազգային դատական ատեաններու առջեւ եւ պատասխանատուութեան ենթարկուին՝ իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կազմակերպիչներ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ ԳՀԽ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան, ի մասնաւորի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն, հաւատարիմ հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման սկզբունքներուն, առաւել գործնական, ազդեցիկ եւ վճռական միջոցներ գործադրել արիւնահեղութեան կասեցման, տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման եւ արցախահայութեան ինքնորոշման ու պարզապէս մարդոց կեանքի, ապրելու իրաւունքի իրացման համար։

«Արցախի հարցը ռազմական ճանապարհով վճռելու, արցախահայութիւնը բնաջնջելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը վերստին կը փաստէ այն իրողութիւնը, թէ Արցախի համար անվտանգութեան երաշխիք մը չի կրնար ըլլալ Ատըր-պէյճանի կազմէն ներս։ ԳՀԽ բարձրօրէն կը գնահատէ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու հետեւողական ջանքերը՝ ուղղուած մարդասիրական հրադադարի հաստատման եւ պահպանութեան, ինչ որ երրորդ անգամ ըլլալով բացայայտօրէն կը խախտուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Լիայոյս ենք, թէ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կը գտնուին Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղիներ եւ մարդկային անմեղ կեանքերը չեն զոհաբերուիր սոսկ աշխարհաքաղաքական շահերուն։ Այսօր Արցախը կարիքն ունի համայն աշխարհի մարդասիրական աջակցութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուած, որպէսզի ամենողորմ Աստուած խաղաղութեան մէջ պահէ համայն աշխարհը՝ զերծ պատերազմի արհաւիրքներէ, ցաւերէ ու վիշտերէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020