ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի թեմերէն ներս ծառայող բազմազաւակ քահանաներու ընտանիքները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական գուրգուրանքին եւ հոգածութեան առարկայ դարձուց ընտանիքները՝ մանաւանդ փոքրիկները։

Նորին Սրբութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ ընտանիքը փոքր եկեղեցի մըն է։ «Հոգեւոր հովիւներու առանցքային ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հայ ընտանիքի զօրացումը հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներով, որոնց շնորհիւ միայն հնարաւոր է երաշխաւորել հայրենիքի անսասանութիւնը, շէն ու պայծառ ազգային կեանքը», ըսաւ ան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2019