Ս. ԳԵՂԱՐԴՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Հայոց Առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ։ Տակաւին 2015 թուականին այս տօնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուած էր Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։ Ուստի, արարողութիւններուն ընթացքին հաւատացեալներու օրհնութեան համար դուրս բերուեցաւ այս համաքրիստոնէական սրբութիւնը, որ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Ս. Պատարագի ընթացքին եկեղեցական հանդիսաւոր թափօրով Վեհափառ Հայրապետի կողմէ տաճար բերուեցաւ Ս. Գեղարդը։ Նորին Սրբութիւնը օրհնեց ներկայ ժողովուրդը, ապա ուխտաւորներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ երկրպագելու եւ խոնարհութիւն բերելու համաքրիստոնէական նուիրական այս սրբութեան առջեւ։
Օրուան պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբղ. Կարապետեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։