ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՄՓՈՓՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն նո­րոգ վախ­ճա­նեալ Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնն ու թա­ղու­մը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։ Վախ­ճա­նեալ սրբա­զան հօր մար­մի­նը ամ­փո­փուե­ցաւ Մայր Ա­թո­ռի միա­բա­նա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Սուրբ Գա­յիա­նէ վան­քէն ներս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ կար­գը։ Այս վշտա­լի ա­ռի­թով խօսք մը ար­տա­սա­նեց Նո­րին Սրբու­թիւ­նը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով հան­գու­ցեալ Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեա­նի լու­սա­ւոր կեր­պա­րին ու ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նէն ներս ար­դիւ­նա­ւոր բազ­մա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան։ Ան ընդգ­ծեց, որ լու­սա­հո­գի սրբա­զա­նը ճանչ­ցած էր որ­պէս էջ­միած­նա­սէր, նուի­րեալ ե­կե­ղե­ցա­կան, որ միշտ նա­խան­ձախնդ­րօ­րէն հան­դէս ե­կած էր ի պաշտ­պա­նու­թիւն Մայր Ա­թո­ռի շա­հե­րուն ու մին­չեւ կեան­քի վեր­ջին ակն­թար­թը ապ­րած էր այդ գի­տակ­ցու­թեամբ, նոյն նուի­րու­մով իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րած էր Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կանգ ա­ռաւ նաեւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ լու­սա­հո­գի սրբա­զան հօր գոր­ծու­նէու­թեան եւ գի­տակր­թա­կան բե­ղուն կեան­քին վրայ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ւել­ցուց, որ վաս­տա­կա­շատ ար­քե­պիս­կո­պո­սին վախ­ճա­նը մեծ ցաւ եւ կո­րուստ մըն է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։ Ան Բարձ­րեա­լին հայ­ցեց երկն­քի լու­սա­ւոր օ­թե­ւան­նե­րուն մէջ ըն­դու­նիլ հան­գու­ցեալ իր ծա­ռա­յի հո­գին։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ե­րի­տա­սարդ միա­բան­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ճանչ­նան հան­գու­ցեալ Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեա­նի թո­ղած հա­րուստ վաս­տա­կը, ո­գեշն­չուին ա­նոր կեր­պա­րով եւ ի­րենց հո­գի­նե­րէն ներս կրեն ե­կե­ղե­ցա­նուի­րու­մի եւ էջ­միած­նա­սի­րու­թեան նոյն ո­գին։

Ե­կե­ղեց­ւոյ կար­գէն վերջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի, կա­տա­րուե­ցաւ հան­գու­ցեալ սրբա­զան հօր թաղ­ման կար­գը։ Ներ­կայ էին Ե­րու­սա­ղէ­մի միա­բան­նե­րէն Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան եւ այլ բազ­մա­թիւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։

Վախ­ճա­նեալ Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեան եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած էր Աւստ­րիոյ ա­ռաջ­նորդ եւ Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017