ԿԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը։ Շնորհաւորելով նախարարը նշանակման առթիւ՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց արդիւնաւէտ աշխատանքի իր բարեմաղթանքները։ Նորին Սրբութիւնը նախարարին տեղեկացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կրթութեան ոլորտէ ներս իրականացուած ծրագրերուն մասին։ Ան ընդգծեց, որ հայոց եկեղեցին, հաւատարիմ իր դարաւոր առաքելութեան, կը շարունակէ իր կարեւոր աւանդը բերել ազգի երիտասարդութեան կրթութեան եւ հոգեւոր դաստիարակման սրբազան գործին մէջ։ Այս իմաստով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց Մայր Աթոռի կառոյցներու եւ Հայաստանի պետական պատկան մարմիններու միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ գործակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Մայր Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ գործող երեք հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու եւ հանրակրթական դպրոցներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի զանազան քաղաքներէ ներս հիմնադրուած տասն Հայորդեաց տուներէ ներս մանուկներու եւ պատանիներու կրթութեան եւ օգտաշատ այլ ծրագրերու մասին։ Նորին Սրբութիւնը Արայիկ Յարութիւնեանին տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ կրթութեան ոլորտէ ներս Մայր Աթոռի կողմէ իրականացուելիք ապագայ ծրագրերու մասին՝ հաստատելով նաեւ, որ պիտի շարունակուին Հայրապետական կրթաթոշակի բաշխումը յառաջդիմութիւն ցուցաբերած ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ «Լաւագոյն» ուսուցիչ մրցանակաբաշխութիւնը։
Իր կարգին, նախարարը մեծապէս կարեւորեց այս հանդիպումը՝ ընդգծելով հայոց եկեղեցւոյ նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին եւ Հայաստանի անկախութեան տարիներուն։ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձաւ կրթութեան ոլորտէ ներս առկայ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներուն, խօսեցաւ նախաձեռնուելիք բարեփոխումներուն մասին։
Զրոյցի տեւողութեան խօսուեցաւ նաեւ սփիւռքի դպրոցներէն ներս մայրենի լեզուի ուսուցման կազմակերպման եւ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներէ ներս «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» առարկայի դասաւանդման ընթացքի մասին։
Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան փոխ-նախարար Յովհաննէս Յովհաննիսեան։