ՆՌՆՕՐՀՆԷՔԻ ԿԱՐԳ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, այ­սօր կէս գի­շե­րին՝ ժա­մը ճիշդ 24.00-ին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կը կա­տա­րուի գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նռնօրհ­նէք։ Կը հա­ղոր­դուի, որ նռնօրհ­նէ­քի հա­մար նա­խա­տե­սուած նու­ռե­րը այս տա­րի Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին ըն­ծա­յուած են Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։  Այ­սօր կէս գի­շե­րին նա­խա­տե­սուած ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, վա­ղը ա­ռա­ւօտ ալ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ պի­տի մատու­ցուի Ա­մա­նո­րի Ս. Պա­տա­րագ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015