ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Երանի՜ այն ծառաներուն, որոնց տէրը 
երբ կու գայ՝ 
արթուն կը գտնէ զիրենք» (Ղկ. 12.37)։

Սիրեցեալ ժողովուրդ մեր,

Արդէն կը մօտենայ ժամանակը եւ մենք քանի մը ժամուան մէջ պատմութեան էջերուն պիտի յանձնենք 2018 տարին եւ նոր յոյսերով պիտի ողջունենք նոր տարին՝ 2019 թուականը, որ սոսկ տարեթիւի փոփոխութիւն մըն է իրատեսներուն համար ու խաբկանք՝ բազում մարդկանց։

Ահաւասիկ այդ խաբկանքն է, որ իւրաքանչիւր տարեվերջին յուսահատութեան կը մատնէ մեզ եւ պատճառ կը դառնայ, որ կորսնցնենք մեր յոյսը վաղուան նկատմամբ։

Տարեվերջի սեմին, ահա, խոկումներու պահն է, որ կը համակէ մեկնող տարուան տպաւորութիւնները մեր յիշողութեան մէջ եւ կ՚առաջնորդէ մեզ մեր փորձառութեանց բովէն անցնելու։ Յաճախ անլոյծ կը մնան մեր խոկումներն ու այդ պահուն Հօր Իմաստութիւնը՝ Քրիստոս կը լուսաւորէ մեզ Իր կենդանարար ու գօտեպնդիչ խօսքով, որ կարծես կ՚արձագանգէ մեր հոգւոյն խորութեան մէջ՝ «Երանի՜ այն ծառաներուն, որոնց տէրը երբ կու գայ՝ արթուն կը գտնէ զիրենք»:

Յանկարծ կը յիշենք մեր կոչումը եւ կ՚անդրադառնանք մեր ընթացքին, թէ ո՛չ մէկ բան պիտի փոխուի յառաջիկայ տարի, եթէ մենք շարունակենք անգիտակցութեան ճանապարհէն ընթանալ։

Ուրեմն, Քրիստոս նախ կը յիշեցնէ մեզի, թէ մարդկային մեր կոչումը ծառայութիւն է եւ օր մը օրանց պիտի ներկայացնենք մեր ծառայութեան հաշիւը։ Ծառայութեան լուծին քաղցրութիւնը գերակշիռ է քան՝ անոր ծանրութիւնը եւ պատուաբեր է ծառայութիւնը, գոնէ քրիստոնէական չափանիշներով։ Սակայն եւ այնպէս, պատրաստակամութիւնն է մեր ղեկը։

Միւս կողմէ, մեր խոկումներու պահուն կը զգանք յանկարծ, թէ որքան սխալներ արձանագրած ենք անցնող տարուան ընթացքին, որոնց պատճառը մեր կամաւորաբար նիրհելն է։ Մինչդեռ աստուածային պատգամ է «Արթուն մնալ»։

Ուրեմն, մենք ենք, որ կ՚որոշենք, թէ յաջորդող տարին ինչպիսի բնոյթ պիտի ունենայ։ Մենք իրաւունք չունինք երբեք, ցաւերն ու տրտմութիւնները, որոնք մարդկային կիրքերու արդիւնքն են, բեռցնել տարեթիւի մը վրայ։ Մեր ընտրութիւններն ու ընթացքն են, որ կը ձեւաւորեն ապագան։ Որովհետեւ մարդկային մեր տկարութիւնն ու հաւատքի անյստակութիւնները արգելք կը հանդիսանան, որ մղուինք ծառայութեան եւ արթուն մնալու։

Յառաջիկայ 2019 տարին զարթօնքի ու գործի տարի պէտք է հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու համայնքային մեր հաստատութեանց համար։ Արթննալով մեր թմրութենէն, պէտք է, որ ծառայասիրութեամբ գործենք, որպէսզի բարութիւնն ու զգաստութիւնը տիրէ մեր համայնքին մէջ։

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ 2019 թուականը վերածենք բարիքներով պսակուած թուականի մը։

Թող, որ ամենաբարին Աստուած Իր երկնառաք շնորհներով լեցնէ մեր ժողովուդի զաւակներուն սրտերը, պատրաստէ մեզ նոր մարդեր դառնալու: Ամանորեան ուրախութիւնը անանց թող ըլլայ մեր համայնքի կեանքին մէջ։ Թող նոր հորիզոններ բացուին մերազն ժողովուրդի ապագայի արեւածագին։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՈՒ ԱՆԽԱՌՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

 

 

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018