ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԻՍԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԻՆ ՎՐԱՅ

Վատիկանի մէջ նախընթաց օր առնուեցաւ կարեւոր որոշում մը, ըստ որու Կաթողիկէ եկեղեցին յետայսու ամէն տարի փետրուարի 27-ին պիտի յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Սուրբ Աթոռի Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու ժողովը այս որոշումը առած է՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի հրամայականի հիման վրայ։

Ըստ Քահանայապետի հրամայականին, վերջին տարիներուն Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ «Տիեզերական վարդապետ» հռչակուած երեք սուրբեր՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Յովհաննէս Աւիլացի եւ Իլտեկարտ Պինկենցի կ՚ընդգրկուին ծիսական օրացոյցին մէջ։ Այսպէս, Լատին եկեղեցին այս երեք սուրբերուն համար սահմանած է յիշատակութեան օր մը։

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գրասենեակը արդէն արձագանգ հանդիսացած է այս կարգադրութեան։ Ուրեմն, ըստ երեւոյթին, այս ամսուայ վերջաւորութեան Վատիկանի մէջ առաջին անգամ պիտի կատարուի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակումը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ «Տիեզերական վարդապետ» հռչակուած էր 12 ապրիլ 2015 թուականին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ Սրբազան Պապին կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021