ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԷ ԻՐ ՆԱԽՈՐԴ ԵՐԵՔ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԳԱՀԱԿԱԼՆԵՐԸ
Պատրիարքական Աթոռը այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչէ իր նախորդ երեք երջանկայիշատակ գահակալները։ Այսպէս, ինչպէս ծանօթ է, նախորդ երեք պատրիարքներն ալ վախճանած են Մեծ պահոց շրջանին, մարտ ամսուան մէջ, այսինքն գրեթէ նոյնաժամանակ։ Ուստի, անոնց վախճանման տարելիցներուն առթիւ տեղի կ՚ունենայ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն։
Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ, 83-րդ եւ 84-րդ գահակալները՝ Շնորհք Արք. Գալուստեան (վախճանած՝ 7 մարտ 1990-ին), Գարեգին Արք. Գազանճեան (վախճանած՝ 10 մարտ 1998-ին) եւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան (վախճանած՝ 8 մարտ 2019-ին) այս փուլին կը վերակենդանանան մեր հաւատացեալ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ՝ բիւր յարգանքով, որդիական սիրով եւ անսահման կարօտով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ այսօր Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որու աւարտին նախատեսուած է երջանկայիշատակ երեք պատրիարքներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն հետեւանքով, եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերելու հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ընդամէնը յիսուն հոգի։ Ուստի, այս օրուան արարողութիւնները կը տեսագրուին եւ այս կիրակի՝ 7 մարտ 2021 թուականին ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը տեսագրուին Պատրիարքարանին կողմէ։ Սա միակ ձեւն է, որով այժմու պայմաններուն ներքեւ մեր համայնքը կրնայ հաղորդ դառնալ իր երջանկայիշատակ պատրիարքներու յիշատակին։
Բաց աստի, յառաջիկայ երկուշաբթի ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան կարգ մըն ալ նախատեսուած է երջանկայիշատակ գահակալներուն համար։