ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏ­ԳԱ­ՄԸ

Որ­պէս Ա­դա­մաւն ա­մե­նե­քին մե­ռա­նին,
նոյն­պէս Քրիս­տո­սիւ ա­մե­նե­քին
կեն­դա­նաս­ցին։ 
(Ա. Կորն­թա­ցիս. 15.21)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Ան­գամ մը եւս մեր սրտե­րը ու­րա­խու­թեամբ կը լե­ցուին։ Դա­տարկ Սուրբ Գե­րեզ­մա­նէն ա­ւան­դուած Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը այս տա­րի եւս կու գայ պա­րու­րել մեզ, ու զգաց­նել՝ իր հրա­շա­գործ զօ­րու­թիւ­նը։ Այդ զօ­րու­թեամբ կը վե­րա­նո­րո­գուինք, կը մխի­թա­րուինք, մա­նա­ւանդ հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով կը վե­րա­հաս­տա­տուինք այն ժայ­ռին վրայ, որ միակ ա­մուր եւ ա­նա­ռիկ բերդն է մեր կեան­քին։ Հոն, կը պահ­պա­նուինք աշ­խար­հի ա­մէն տե­սա­կի ժխտա­կան հո­սանք­նե­րէն, հո­գե­մաշ դէպ­քե­րէն ու շար­ժե­րէն, մնա­լով՝ ա­նե­րեր։ Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տիսն է, որ կը տար­փո­ղուի եւ ե­կե­ղեց­ւոյ բե­մե­րէն ա­լիք ա­լիք կը տա­րա­ծուի ժա­մագր­քին բա­ռե­րով. «Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց, Մա­հուամբ զմահ կո­խեաց եւ յա­րու­թեամբն իւ­րով մեզ զկեանս պար­գե­ւեաց»։

Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան կեն­սա­պար­գեւ զօ­րու­թեամբ, ան­յու­սա­լից մար­դուն ու­սե­րէն կը թօ­թա­փի կեան­քը ան­տա­նե­լի դարձ­նող բա­րո­յա­կան ա­ռու­մով մա­հաս­փիւռ ապ­րե­լա­կեր­պի մը ծանր բե­ռը։ Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թիւ­նը, ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ ան­բաղ­ձա­լի եւ ոչ-աս­տուա­ծա­հա­ճոյ կեան­քի մը առ­թած տուայ­տան­քը, եր­ջան­կու­թեան փո­խա­կեր­պե­լու։ Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թիւ­նը մեր առ­ջեւ կը բա­նայ ա­պա­հով ճա­նա­պար­հը, որ մեզ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի «աշ­խար­հի սկիզ­բէն սուր­բե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած երկն­քի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը» (Մտթ. 25.34)։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին նմա­նու­թեամբ ստեղ­ծուած մեր նա­խած­նող­քը, ե­դե­մա­կան պար­տէ­զին մէջ Աս­տու­ծոյ ազ­դա­րա­րա­կան խօս­քին ընդ­մէ­ջէն, ա­ռա­ջին ան­գամ մա­հուան գա­ղա­փա­րին հետ ծա­նօ­թա­ցան. «Բա­րիի ու չա­րի գի­տու­թեան ծա­ռէն մի ու­տեր. քան­զի այն օ­րը որ ան­կէ ու­տես, ան­շուշտ պի­տի մեռ­նիս» (Ծննդ. 2.17)։ Սա­տա­նա­յէն դէ­պի Ե­ւա, Ե­ւա­յէն դէ­պի Ա­դամ հա­սած մե­ղան­չե­լու շղթան դուռ բա­ցաւ որ՝ «եր­կի­րը ա­նի­ծուի», մեր նա­խած­նող­քին վրայ գայ մա­հուան ա­նէծ­քը. «հող էիր եւ ի հող պի­տի դառ­նաս»։ Սուրբ Գիր­քը կ­՚ու­սու­ցա­նէ, թէ «մեղ­քը աշ­խարհ մտաւ մար­դով, եւ մեղ­քով ալ մա­հը եւ մա­հը տա­րա­ծուե­ցաւ բո­լոր մար­դոց մէջ, ո­րով­հե­տեւ բո­լորն ալ մե­ղան­չե­ցին» (Հռմ. 5.12)։ Ա­դա­մի յան­ցան­քով ի­րաւ է, թէ մա­հը թա­գա­ւո­րեց, սա­կայն այդ թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, ա­նէծ­քի այդ խա­ւա­րը փո­խա­կեր­պուե­ցաւ նոր կեան­քի մը օրհ­նու­թեան լոյ­սին, Նոր Ա­դա­մին՝ Քրիս­տո­սի հրա­շա­լի Սուրբ Յա­րու­թեամբ։ Որ­քա՜ն քաղցր է ա­ռա­քե­լա­կան յի­շե­ցու­մը, թէ ա­նոնք ո­րոնք «շնոր­հի ա­ռա­տու­թիւն եւ ար­դա­րու­թեան պար­գեւ­ներ կը ստա­նան պի­տի թա­գա­ւո­րեն կեան­քի մէջ միակ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով» (Հռմ. 5.17)։ Սուրբ Յա­րու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը առ­հա­ւատ­չեան է մեր ա­զա­տու­թեան եւ փրկու­թեան (Յվհ. 8.32)։ Եւ մենք կը հրա­ւի­րուինք այս ճշմար­տու­թեան դրօ­շա­կի­րը ըլ­լա­լու, հե­ռա­ցած՝ մեղ­քի ծա­ռա­յու­թե­նէն եւ դար­ձած՝ Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­յու­թեան։ Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը, կ՚ընդգ­ծէ «մեղ­քի նկատ­մամբ մե­ռած, իսկ Աս­տու­ծոյ հա­մար Յի­սուս Քրիս­տո­սով կեն­դա­նի հա­մա­րուե­լու» (Հռմ. 6.11) կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Այ­սօր Սուրբ Յա­րու­թեան տօնն է։ Տօն՝ հո­գե­ւոր ցնծու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գուե­լու, մեր սրտե­րը առ Աս­տուած բա­նա­լու եւ Աս­տու­ծոյ սի­րով լից­քա­ւո­րուե­լու։ Տօն՝ խա­չի նշա­նով երկ­փեղ­կուած մեղ­քի ծո­վէն ան­յող­դողդ անց­նե­լու եւ դէ­պի խոս­տա­ցուած ե­րա­նու­թեան քա­լե­լու զօ­րու­թիւ­նը հագ­նե­լու։ Տօն՝ հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն Աս­տու­ծոյ փառ­քը մե­ծա­րե­լու։ Տօն՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սին գոր­ծած սքան­չե­լի հրաշ­քը յի­շե­լու։

Աս­տուած իր նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը չէ զլա­ցած մեր ժո­ղո­վուր­դէն։ Աս­տու­ծոյ փառք կու տանք, որ բա­ցա­սա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու եւ ան­բաղ­ձա­լի դէպ­քե­րու մէջ իսկ ու­նե­ցանք մե­ծեր, ո­րոնք միշտ յի­շե­ցին Յի­սուս Քրիս­տո­սի խօս­քը, թէ «մեր գլխուն մա­զերն իսկ համ­րուած են» (Մտթ. 10.31)։ Ա­նոնք, այդ յոյ­սով ու հա­ւատ­քով Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տխուր եւ ցա­ւա­ռիթ օ­րե­րուն կա­րո­ղա­ցան տո­կալ։ Աս­տու­ծոյ ծա­նօթ են այն բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ հո­գի­նե­րը, ո­րոնք վասն հա­ւա­տոյ ի­րենց թան­կա­գի­նը զո­հա­բե­րե­ցին յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի յոյ­սով։ Յա­րու­թեան տօ­նը ա­ռիթ է վեր­յի­շե­լու Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­ցող մեր նախ­նեաց հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը, նոյն ստեղ­ծա­գործ ո­գիով լի­նե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու։ Ա­նոնք հա­կա­ռակ ի­րենց վիշ­տին, ա­ղա­ղա­կե­ցին, թէ ճզմուած չէին, յու­սա­հա­տու­թիւ­նը մեր­ժե­ցին, ի­րենք զի­րենք լքուած չնկա­տե­ցին եւ այս­պէ­սով «չմե­ռան» (Բ. Կրն. 4.9-10)։ Ա­նոնց ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու յա­ջորդ­նե­րուն գլխա­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւնն է օ­րի­նակ առ­նել այս ազ­նուա­կան կե­ցուած­քէն, ապ­րեց­նել զայն հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով նոյն ստեղ­ծա­գործ ո­գիին։ Ե­թէ լոկ քա­ղա­քա­կան ու աշ­խար­հիկ բնոյ­թով ձեռ­նարկ­նե­րը բաւ հա­մա­րուին զա­նոնք յի­շե­լու հա­մար, վա՜յ է մե­զի։ Ե­թէ իս­կա­պէս կ­՚ու­զենք ա­նոնց յի­շա­տա­կը տօ­նել, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ նախ պար­տինք անդ­րա­դառ­նալ մեր հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան սրբու­թիւն­նե­րը ա­նա­ղարտ պա­հե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­կա­նու­թեան։ Պար­տինք մեր ըն­տա­նե­կան յար­կե­րէն ներս պա­հել ա­ւան­դա­կան հա­յադ­րոշմ քրիս­տո­նէա­կան կեան­քը։ Պար­տինք մեր զա­ւակ­նե­րը պա­հել մեր ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­բոյր մթնո­լոր­տին մէջ։ Պար­տինք մեր կրթա­կան յար­կե­րը պա­հել եւ հե­տաքրք­րուիլ ա­նոնց­մով, նաեւ ա­պա­հո­վել ա­նոնց մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը։ Պար­տինք հոգ տա­նիլ մեր ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք մատ­չե­լի ըլ­լան մեր զա­ւակ­նե­րուն։ Պար­տինք մեր բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պա­հել բար­գա­ւաճ վի­ճա­կի մէջ։ Պար­տինք մեր ան­գին մշա­կոյ­թը պա­հել իր բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով, մեր լե­զուն, մեր մա­մու­լը, մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րը, որ­քան դժուար, սա­կայն նոյն­քան քաղցր լու­ծեր են, զորս տա­նե­լու կան­չուած ենք բո­լորս։ Ա­պա թէ ոչ պի­տի նմա­նինք հա­րուստ հայ­րե­րու աղ­քատ զա­ւակ­նե­րուն։ Չի բա­ւեր ոչ-հո­գե­ւոր լո­զունգ­նե­րով հան­դէս գալ։ Այդ մէ­կը ա­մե­նէն դիւ­րինն է եւ դիւ­րա­մար։ Ամ­բո­խա­վա­րու­թեամբ ստեղծուած մթնո­լոր­տը յա­ճախ կը նմա­նի հար­թի բո­ցե­րուն։ Մեր մե­ծե­րը Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ար­հաւ­րա­լից մթնո­լոր­տէն երբ դուրս ե­կան մո­խիր­նե­րէն դուրս բե­րուած կայ­ծե­րէն Ս. Յա­րու­թեան հա­ւատ­քի լոյ­սը բո­ցա­վա­ռե­ցին։ Այ­սօր մենք այդ կրա­կը ան­մար պա­հե­լու հա­մար կը կան-չըւինք փայ­տի եւ ա­ծու­խի բեռ­նակ­րու­թեան։ Ե­րա­նի այն բեռ­նա­կիր­նե­րուն, ո­րոնք կը գի­տակ­ցին ի­րենց քաղցր եւ դժուա­րին պար­տա­կա­նու­թեան։ Ա­նոնք յա­ճախ կրնան նմա­նիլ հո­սան­քի դէմ թիա­վա­րող­նե­րու։ Սա­կայն յա­րու­թեան յոյ­սով լե­ցուած ու վե­րա­նո­րո­գուած հա­ւատ­քով գոր­ծող­ներ կրնան ան­կա­րե­լին կա­րե­լիի վե­րա­ծել եւ յաղ­թել, Տի­րոջ վստա­հե­լով եւ միշտ խոս­տո­վա­նե­լով, թէ Աս­տուած մե­զի հետ է։

Ինչ­պէս միշտ, Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան այս տա­ղա­ւա­րին եւս հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել մեր սի­րե­լի Հո­գե­ւոր Պե­տին՝ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Բ. Ս. Պատ­րիար­քին հա­մար։ Վստահ ենք, որ իբ­րեւ նշան հա­ւատ­քի միու­թեան հա­ւա­տա­ցեալ­ներ եւս կու գան միա­նալ մե­զի, ա­պա­ւի­նե­լով ա­ղօթ­քի զօ­րակ­ցու­թեան։ Կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել նաեւ հա­րե­ւան՝ Սու­րիա­հայ եւ Ի­րա­քա­հայ հա­մայնք­նե­րու մեր եղ­բայր­նե­րուն ու քոյ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ նոյն երկ­րի բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, ա­ռանց ցե­ղի, կրօն­քի եւ դա­ւա­նան­քի խտրու­թեան։

Ս. Յա­րու­թեան լոյ­սով լու­սա­ւո­րուած ապ­րինք Զատ­կա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը, գօ­տեպն­դուինք ի­րա­րու եւ զի­րար ող­ջու­նենք ա­ւան­դա­կան ա­ւե­տի­սը տա­րա­ծե­լով՝

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­ռա­քե­լա­կան Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­ներն անխ­տիր, եւ քրիս­տո­սա­ւանդ ջեր­մա­գին սի­րով կ­ÿող­ջու­նենք մեր Հո­գե­ւո­րա­կան Դա­սու ան­դամ­նե­րը, Սրբա­զան Ե­պիս­կո­պոսն ու Միա­բան Հայ­րե­րը, Քա­հա­նա­յից Դա­սը, Գալ­ֆա­յեան Ուխ­տի Քոյ­րը, Սար­կա­ւա­գաց եւ Դպրաց Դա­սե­րը, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Տնտե­սա­կան Խոր­հուր­դի, Տիկ­նանց եւ Ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մե­րու ան­դամ­նե­րը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, Բժշկա­պե­տու­թիւ­նը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ­-քոյ­րե­րը, Հա­մայն­քա­յին Հաս­տա­տու­թեանց Խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը, Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րը, Տիկ­նանց Յանձ­նա­խում­բե­րը, մեր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու Հիմ­նա­դիր­նե­րը, Տնօ­րէն­նե­րը, Հո­գա­բար­ձու­թիւն­նե­րը, Ու­սուց­չաց Դա­սը, Աղ­քա­տախ­նամ Մար­մին­նե­րը, Սա­նուց Միու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր մար­դա­սի­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մար­մին­նե­րը, Հայ Մամ­լոյ Խմբա­գիր­նե­րը եւ ողջ Անձ­նա­կազ­մը, բա­րե­սի­րա­կան եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց սա­տա­րող ազ­նիւ բա­րե­րար­նե­րը, հա­մայն հա­ւա­տա­ցեալ եւ սի­րե­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դը մաղ­թե­լով բո­լո­րին եր­ջա­նիկ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղե­ցա­շէն, կրթանուէր եւ բա­րե­սէր գոր­ծու­նէու­թեանց լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն։

Յա­տուկ օրհ­նու­թեամբ կ­՚ող­ջու­նենք եւ կը շնոր­հա­ւո­րենք Կրե­տէի Հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը։

Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել վասն բա­րօ­րու­թեան եւ ան­սա­սա­նու­թեան Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի։ Մեր որ­դիա­կան ակ­նա­ծան­քը կը յղենք Նո­րին Սրբու­թիւն Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին։ Կը հայ­ցենք Նո­րին Սրբու­թեան եւ Մայր Ա­թո­ռի ողջ միա­բա­նու­թեան ա­ղօթք­նե­րը Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հօր ա­ռող­ջու­թեան հա­մար։

Ի Քրիս­տոս սի­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Նո­րին Սրբու­թիւն Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Նուր­հան Պատ­րիար­քը, հան­դերձ ի­րենց միա­բա­նա­կից վա­նա­կան հայ­րե­րով, նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ա­ռա­քե­լա­գործ վի­ճա­կա­ւոր­նե­րը,  հան­դերձ ի­րենց հո­գե­ւո­րա­կան դա­սե­րով վստահ ըլ­լա­լով, թէ բո­լո­րը ա­ղօ­թա­կից են մե­զի։

Այս առ­թիւ ի Քրիս­տոս սի­րով ող­ջու­նե­լով՝ Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րի մեր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յղենք նաեւ բո­լոր քոյր Քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­վիւ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, գլխա­ւո­րա­բար Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն։

Սի­րոյ ջեր­մա­գին ող­ջոյն­ներ կ­՚ա­ռա­քենք Սփիւռ­քի տա­րած­քին գտնուող Պոլ­սա­հայ, Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք, Կեդ­րո­նա­կան, Է­սա­յեան, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րու Միու­թիւն­նե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի բա­րե­պաշտ եւ ե­կե­ղե­ցա­նուէր մեր ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը փոր­ձեն պա­հել մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, միան­գա­մայն հո­գե­ւոր եւ տոհ­միկ կապ պա­հե­լով ի­րենց ծննդա­վայ­րին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աս­տուա­ծա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւնն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ ե­ղի­ցի ընդ մեզ. Ա­մէն։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ

1 Ապ­րիլ 2015

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015