ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ,
Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.
Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ.
Անիկա արդար ու փրկիչ է,
Հեզ է ու իշու վրայ հեծած
Եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։
(Զաք. 9.9)
Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,
Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Քաղաք Երուսաղէմ մուտքը՝ Ծաղկազարդի կիրակիի սեմին կը գտնուինք։
Դժբախտաբար վերջ տալու ստիպուեցանք բոլոր հաւաքական արարողութիւններուն, ի պէտս ժողովուրդի առողջութեան։
Մեր հոգիները անշուշտ աւելի ուրախ պիտի ըլլային այս սուրբ օրերուն, երբ կը պատրաստուինք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան, եթէ այս վատահամբաւ հիւանդութիւնը ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներու սիրտերն ու հոգիները չալեկոծէր ու վրդովանք չպատճառէր՝ ցուցնելով մահուան դալկահար ու սարսափելի երեսը… եւ մենք կարենայինք հաւաքուիլ մեր սուրբ տաճարներու երդիքին տակ։
Բայց իբրեւ հաւատացեալ, այս օրերուն փոխանակ վախնալու՝ ամուր կանգնելու ենք, քանի մեր Տէրը ամէն առիթով մեզ կը վստահեցնէ այն հաստատ ու զօրաւոր խօսքովը՝ ըսելով. «Մի՛ վախնաք»։
Մահն է, որ միշտ մեր սիրտերը կը վախցնէ, իսկ Աւետարանը կը մխիթարէ հետեւեալ խօսքերով՝ «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ» (Ա Կորնթ 15։55)։
Երբ կը պատրաստուինք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան, կը յիշենք նաեւ այն պատգամը, թէ մահը Քրիստոսի յարութեամբ արդէն պարտուած է։
Ինչպէս գիտենք, այս կիրակի Ծաղկազարդ է եւ պիտի տօնենք Տէր Յիսուսի Ս. Քաղաք Երուսաղէմ յաղթական մուտքը։
Ս. Գիրքի ամէն մէկ պատմուածք բարոյական եւ մարդասիրական պատմութիւններ փոխանցելէ աւելի, կը պատմէ Աստուծոյ այն մեծ ծրագիրը, որ պատրաստուած է մեր փրկութեան համար։
Յիսուս նախքան Երուսաղէմ քաղաք մուտքը, պատուիրեց իր աշակերտներուն, որպէսզի երթան այն գիւղը, ուր պիտի գտնեն էշ մը եւ աւանակ մը ու զանոնք քակելով բերեն իրեն։
Երբ աշակերտներ բերին զանոնք՝ Յիսուս իշու վրայ հեծնելով մուտք գործեց Երուսաղէմ քաղաք։ Յիսուսի կը հետեւէր հոծ բազմութիւն մը, որ մեծ մասամբ կը բաղկանար իր աշակերտներէն ու իրեն քարոզները լսող հետեւորդներէն, որոնք բարձրաձայն կ՚աղաղակէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս» (Մտ 21։9)։
Մատթէոս աւետարանիչ մեզի կ՚ըսէ մեզի. «Այս բաները եղան, որպէս զի կատարուի մարգարէին խօսքը որ կ՚ըսէ. Ըսէք Սիոնի աղջկան. “Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ”» (Մտ 21։4)։
Այսպէսով Աստուծոյ մարգարէներու կողմէ մարդոց յայտնուած ծրագիրները կ՚իրականանային, նաեւ այս դէպքերը զարմանք չէր պատճառեր անոնց, որոնք Ս. Գիրքերը կարդացած եւ Յիսուսի բերանէն ալ լսած էին։
Ուրեմն եթէ այս տրամաբանութեամբ կարդանք Ս. Գիրքը եւ պրպտենք այն գիրերը, որոնք գրուած են Յիսուսի մասին, նոյնպէս մենք ալ պիտի հասկնանք Աստուծոյ ծրագիրը։
Սիրելի ժողովուրդ մեր, եկէք, տեսնենք, թէ ինչ կը պատգամեն այս բոլորը մեզի, որպէսզի աշակերտներու ու այդ օրուան ժողովուրդի նոյն ուրախութիւնն ու ապրումը մենք եւս ունենանք։
Աստուածաշունչի Դատաւորաց բաժնին մէջ կը կարդանք, որ երբ Աստուծոյ ժողովուրդը կը հեռանար Աստուծմէ, Աստուած կը մատնէր զանոնք իրենց թշնամիներուն (13։1)։
Այն թշնամիներուն, որոնք մինչեւ այդ օր իրենց շուրջ ըլլալով հանդերձ բնաւ վնաս չէին կրցած պատճառել անոնց։ Բայց երբ Աստուծոյ կը դառնային ու կը քալէին Տիրոջ խօսքերով՝ միշտ կը յաջողէին իրենց թշնամիներուն դէմ։
Պատմութեան մէջ թշնամին միայն զէնքերով զինուած բանակները չեն եղած, այլ եղած են այն ամէն մէկ փորձանք, որոնք կը սպառնան մարդոց, ընտանիքներու ու ժողովուրդներու։ Անտարակոյս սատանան եւս մեր ամենամօտիկ եւ ամենամեծ թշնամին է, նաեւ անհաւատութիւնը կրնանք աւելցնել թշնամիներու ցանկին մէջ։
Զաքարիա մարգարէի այն խօսքերը, որ իբրեւ բնաբան ունինք, առնուած են իններորդ գլուխէն, որ կը սկսի «Տիրոջը խօսքին պատգամն է» ասոյթով։ Շատ անգամ փոխանակ մեր կարդացած ու լսած խօսքերուն իմաստին թափանցելու, պարզ ասոյթդ մը ըլլալով կ՚ընկալենք զանոնք, մանաւանդ ոչ թէ մեզի ուղղուած, այլ դարեր առաջ ապրող մէկու մը կամ այդ օրուան ժողովուրդներու ուղղուած կը կարծենք եւ մեզի համար իմաստ չի ներկայացներ։ Աւելի՛ն. մեզի առասպելական կը թուին։
Պէտք չէ մոռնալ, որ եկեղեցիներու մէջ Աւետարան կարդալէ առաջ նոյն խօսքը կը կրկնէ եկեղեցւոյ պաշտօնեան «Ասէ Աստուած» ըսելով։ Այսինքն Աստուած է որ կը խօսի։ Ս. Գիրքի, Աստուածաշունչի էջերուն մէջէն Աստուած է, որ կը խօսի մարդոց հետ։ Երբ խօսողը Աստուած է, զարհուրելու, սթափելու եւ ականջ տալու ենք, քանի մեր Արարիչն ու Տէրն է, որ կը խօսի մեզի հետ։
Ինչպէս մեր խօսքը մեզ կը ներկայացնէ, Աստուծոյ խօսքն ալ Աստուած կը ներկայացնէ, քանի Աստուծոյ խօսքը եւ Աստուած մէկ են։ Նոյնը ըսաւ Յիսուս. «Ես Եւ Հայր մէկ ենք» (Յով10։30)։
Ուրեմն Աստուած կը խօսի մարդոց հետ, նաեւ իրեն երկիւղածութեամբ մօտեցողներու ու աղօթողներու ալ կը լսէ. (Եսայի, 66։2)։
Աստուած կ՚ուզէ իր խօսքով մարդը փրկել սատանայի ներգործութենէ, իսկ սատանան Աշխարհի միջոցով մարդը շարունակ իր Տիրոջմէն հեռու կեանքի մը կ՚առաջնորդէ։
Սատանան աշխարհի միջնորդութեամբ՝ ամէն առիթով կ՚ուզէ իշխել մարդոց վրայ ու մեղքի խայթոց մահուամբ կը սպառնայ մարդկանց, պատերազմներով, հիւանդութիւններով եւ ամէն տեսակի սարսափազդու սարքերով կը ստեղծէ խուճապ, որպէսզի այդպէսով անոր հնազանդինք ու ան մեր վրայ թագաւորէ։
Աշխարհ չէ անշուշտ այս բաները ընողը, այլեւ՝ աշխարհ ձեռք անցընող սատանան, ինչպէս ուզեց նաեւ փորձել Յիսուսը նոյն սուտերով։
Իսկ Յիսուս կը պատուիրէ, որ աշխարհի մէջ ըլլանք, բայց աշխարհի սատանայի ապրանք չդառնանք ու սպասենք միշտ անոր թագաւորութեանը՝ «Եկեսցէ արքայութիւն Քո»։
Ճիշդ այս պատճառով Յիսուս կ՚ըսէր. «Մի վախնաք մահէն այլ վախցէք այն բանէն որ մահուընէ յետոյ գեհենի կը մատնէ, որ այդ զօրութիւնը միայն Աստուած ունի» (Մատթ 10։28)։
Բոլոր սուրբեր եւ Աստուծոյ ապաւինողներ այսպէս քալեցին եւ դիմադրեցին թըշ-նամին։
Ներկայիս գրեթէ բոլոր աշխարհ զօրութեամբ ու գիտութեամբ, նաեւ այլ յառաջադիմութիւններով կը պարծենայ, սակայն պարտուած է ամենափոքր թշնամիի՝ ժահրի մը ձեռքը, ինչպէս Իսրայէլի այդ օրերուն Աստուծմէ հեռացողներ պարտուեցան իրենց թշնամիներուն։ Այնպէս ինչպէս Սամփսոն իր աստուածատուր ուժը անտեսեց ու իր իսկ ծաղրած թշնամիներուն մատնուեցաւ։ (Դատաւորաց 16)։
Պէտք է գիտնալ, թէ մարդկութիւնը չեղած ալ գիտութիւնը կար։ Մարդկութիւնը գիտութեան գաղտնիքները ժամանակի ընթացքին փորձառութեամբ ձեռք ձգած է. գիտութիւնը մարդոց հնարքը եւ ստեղծագործութիւնը չէ երբեք։
Ուրեմն, Եկեղեցին գիտութեան հակառակ տեսնել տրամաբանական չէ, ինչպէս շատեր կը փորձեն տեսնել։ Եկեղեցին Աստուած կը ճանչնայ իբրեւ գիտութեան Տէրը, նաեւ իբրեւ իմաստուն բժիշկ եւ ճարտարապետ, զոր կրնայ միայն բժշկել մեր հոգիի եւ մարմնի բոլոր հիւանդութիւնները։
Մենք իբրեւ Նոր Սիովնի որդիներ եւ Աստուծոյ ժողովուրդ, աղօթենք Աստուծոյ, որպէսզի փրկէ մեզ մեր փոքր ու մեծ թշնամիներէն։
Ուրեմն, Յիսուս իբրեւ մեր Աստուածը ու Փրկիչը Երուսաղէմ մուտք կը գործէ հեզ եւ խոնարհ իշու վրայ, իր կնքած նոր ուխտի արիւնով իրեն հաւատացող բոլոր ժողովուրդները փրկելու եւ թշնամին պարտութեան մատնելու։
Եկէք, մեր հոգեւոր աչքերը բանալով, ելլենք մեր երկնային Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը դիմաւորելու։
Աստուծոյ ու Անոր թագաւորութեան սպասողներու երջանկութիւնը այս է։ Մեր ապրելակերպն ալ այս փորձանքը իբրեւ առիթ ընկալելով եւ ապաշխարութեան միջոցի վերածելով, նաեւ մեր մեղքերը աչքի առջեւ ունենալով, աստուածավայել կեանք մը ապրելու հետեւինք։
Վերջապէս բոլորս վստահ ըլլանք, որ Աստուած իմաստութիւն պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն մարդոց կեանքը փրկել։ Բոլոր գիտնականներ ձեռք ձեռքի տքնաջան կ՚աշխատին, նոյնիսկ իրենց կեանքը ի սպաս դնելով, նաեւ Աստուծոյ օգնութեամբ՝ հասակով փոքր, վնասով մեծ թշնամին պարտելու համար։
ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ