ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յից տա­րե­կան հա­ւա­քը։ 235 հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ժո­ղո­վը գու­մա­րուե­ցաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ։ Ներ­քին թե­մե­րու ա­ռըն­թեր հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­ցան Ար­ցա­խի, Վրաս­տա­նի, Աւստ­րա­լիոյ եւ Ի­րա­քի թե­մե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ծրագ­րով նա­խա­տե­սուած զե­կու­ցում­նե­րէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ար­տա­սա­նեց օրհ­նու­թեան խօսք մը եւ հա­ւա­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ յայ­տա­րա­րու­թեան մը հրա­պա­րա­կու­մով։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015