ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քառօրեայ հայրապետական այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետին հետ է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։ Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան յատուկ յանձնարարութիւններով հայրապետական նուիրակ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, լուսարարապետ ու Վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան եւ Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան։

Գորիսի «Զանգեր» յուշարձանին մօտ հայրապետական պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Սիւնեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Մակար Վրդ. Յակոբեանի, թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը աւանդական աղ ու հացով դիմաւորուելէ վերջ առաջնորդուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցին, ուր զինքը ողջունելու փութացած էին շրջանի բնակիչներն ու զինուորականներ։ Հրաշափառի արարողութեամբ եկեղեցի մուտք գործելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Հանրապետական մաղթանքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի անսասանութեան, Սիւնեաց աշխարհի եւ անոր ժողովուրդի անվտանգ, խաղաղ ու բարօր կեանքին համար։ Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը տուաւ ներկայ ժողովուրդին։ Ան ըսաւ.

«Սիրելի սիւնեցի հաւատաւոր զաւակներ մեր, այցելած ենք ձեզի յետպատերազմեան դժուարին իրավիճակի, դառն հարուածներու եւ նեղութիւններու դիմագրաւման այս ժամանակահատուածին։ Եկած ենք ի մօտոյ հաղորդ ըլլալու ձեր մտահոգութիւններուն ու խնդիրներուն, նաեւ հայրապետական մեր գնահատանքն ու օրհնութիւնը վերստին բերելու ձեզի։ Մենք քաջատեղեակ ենք ազգային-հայրենական մեր կեանքի այս վճռորոշ շրջանին ձեզ պատած դժուարութիւններուն, ձեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Արցախի վերջին պատերազմին մեր թանկագին զաւակները նահատակուեցան, ունեցանք վիրաւորներ, կորսուածներ, գերեվարուածներ, տասնեակ հազարաւոր տեղահանուած խաղաղ բնակիչներ։ Տարածքային կորուստներու պատճառով նաեւ Սիւնեաց աշխարհի բնակավայրեր սահմանամերձ դարձան Ատրպէյճանի հետ՝ այդ բանէն բխած խիստ մտահոգիչ հետեւանքներով։ Ատրպէյճան սանձարձակ ոտնձգութիւններ կը կատարէ նաեւ Հայաստանի սահմաններուն դէմ՝ մասնաւորապէս Սիւնիքի, Գեղարքունիքի գիւղական որոշ համայնքներու տարածքներուն հանդէպ։

«Սիրելիներ, խռովքի մէջ է բոլորիս հոգին, խռովքի մէջ է համայն հայութիւնը։ Սիւնեաց աշխարհի մեր զաւակներուդ ստեղծագործ ու խաղաղ կեանքի բնականոն ընթացքը խաթարուած է, աւելին՝ ապահովութեան ու անվտանգութեան լրջագոյն խնդիրը յառնած է։ Սակայն մենք գիտենք, որ ձեր ոգին անկոտրում է, ձեր հարազատ հողին կապուածութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգանուիրումը ամուր են ձեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։ Դուք ձեր պապերէն ու հայրերէն ժառանգած էք քաջութիւն ու կորով՝ օրհասական հանգամանքներու մէջ ձեր հայրենի տունն ու օճախը պաշտպանելու, անսասան ըլլալու հայրենեաց պաշտպանութեան դիրքերուն եւ արիաբար կանգուն մնալու հարազատ հողին։ Այս փորձութիւնը եւս, քաջարի սիւնեցիներ, ազգովին կը յաղթահարենք՝ միայն թէ, մեր հերոս նախնիներու ոգեշունչ պատգամին համաձայն, մեր արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք, ամուր պահենք մեր նուիրումը հայրենիքին ու մեր սրբազան արժէքներուն։ Հաստատուն մնանք հաւատի մէջ, անկոտրում՝ նեղութիւններու ու դժուարութիւններու առջեւ։ Ամուր պահենք իրարու հանդէպ քրիստոսապատուէր սէրն ու հզօր միասնութիւնը, որոնց առջեւ կը նահանջեն փորձութիւնները եւ կ՚ամրապնդուի ու կը զօրանայ լաւատեսութեան ոգին»։ Վեհափառը շեշտեց, որ Հայոց Եկեղեցին ու եկեղեցականները հանապազօրեայ իրենց աղօթքով ու ծառայութեամբ սիւնեցիներու կողքին են։ Ան հաւաստիացուց, որ  պիտի շարունակուին ջանքերը բարձրաձայնելու համար սահմանակից համայնքներու բնակիչներու խնդիրները եւ հետամուտ  ըլլալու իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021