ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Հայ Երուսաղէմը ծանրածանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, Սուրբ Աթոռը այս շրջանին կը հիւրընկալէ միջեկեղեցական եւ դիւանագիտական շրջանակներէ կարեւոր հիւրեր, որոնք իրերայաջորդ կ՚այցելեն Սրբոց Յակոբեանց վանքը։ Այսպէս, երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան ընդունեց Անկլիքան եկեղեցւոյ խումբ մը եպիսկոպոսներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ «Անկլիքան հաղորդութեան» ընդհանուր քարտուղար Էնթընի Եպիսկոպոս Փոքքոյի, «Cuddeston» աստուածաբանական քոլէճի տնօրէն Համֆրի Եպիսկոպոս Սաութերի եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ Երուսաղէմի ու Մերձաւոր Արեւելքի վիճակաւոր Հուսամ Եպիսկոպոս Նաումիի հետ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած եղբայրական ջերմ զրոյցէն վերջ, հիւր եպիսկոպոսները շրջայց մը կատարեցին Սրբոց Յակոբեան Մայր տաճարին մէջ։

Հուսկ, հայոց վանքէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, անկլիքան եպիսկոպոսները առաջնորդուեցան Ս. Յարութեան տաճար, որու հայկական բաժիններուն ծանօթացան։ Անոնց բացառիկ հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ տեսնելու համար Ս. Վարդան հայկական մատուռը, որ սովորաբար փակ կ՚ըլլայ այցելուներու համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024