ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԺԸՆԵՒ ԱՅՑԵԼԵՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։ Այս վերջինը դէպի Ժընեւ ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս մէկտեղուեցաւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական գրասենեակէն ներս շփումներ ունենալու առընթեր, Թաւատրոս Պատրիարք մեծարուեցաւ Զուիցերիոյ եկեղեցական շրջանակներուն կողմէ։ Ժընեւի «Էնթերքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ իրեն ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որու հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան։
Ընթրիքի ընթացքին հայր սուրբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց Թաւատրոս Պատրիարքին հետ, որուն փոխանցեց նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները։