ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Այ­սօր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դարձն է։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը 17-րդ տա­րին կը թե­ւա­կո­խէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի գա­հուն վրայ՝ որ­պէս աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հայ­րա­պե­տը, ա­մե­նա­սի­րե­լի հո­վուա­պե­տը եւ ընդ­հան­րա­կան գլու­խն ու ծայ­րա­գոյն պատ­րիար­քը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան այս նոր փու­լը դար­ձեալ կու գայ թար­մաց­նել իր աշ­խար­հաս­փիւռ հօ­տին ջեր­մե­ռանդ զգա­ցում­նե­րը՝ ի­րեն նկատ­մամբ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը մնայ հա­յու­թեան կեան­քի ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տա­րը եւ ա­նոր հայ­րա­պետն ալ մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ղօթք­նե­րուն մէջ միշտ կ՚ու­նե­նայ իր տե­ղը՝ որ­պէս­զի ու­նե­նայ ա­րեւ­շատ տա­րի­ներ, գա­ւա­զա­նը ըլ­լայ ծաղ­կուն եւ փայ­լուն ձեռք­բե­րում­նե­րով ար­գա­սա­ւո­րուի իր տես­լա­կա­նը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դար­ձը այս տա­րի նշուե­ցաւ ար­տա­սո­վոր ձե­ւով։ Բնա­կա­նա­բար, Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի վե­րա­բե­րեալ բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին հա­յու­թեան հա­յեաց­քը կ՚ուղ­ղուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Այս տա­րի ալ նոյնն է պա­րա­գան, սա­կայն նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը դէ­պի Նիւ Եորք ու­ղե­ւո­րու­թեան մը մէջ կը գտնուի, ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին, ար­դէն քա­նի մը օր կա­նուխ, այն­տեղ իր ներ­կա­յու­թեամբ նշուե­ցաւ գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դար­ձը։ Տեղ­ւոյն Ս. Վար­դան ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր տա­ճա­րին մէջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ շրջա­պա­տուե­ցաւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ան­դամ­նե­րուն, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն, թե­մա­կան խոր­հուրդ­նե­րու դի­ւան­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։ Տա­րե­դար­ձի առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք մը ար­տա­սա­նեց Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան։ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քի ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րե­լով՝ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան հա­մայն հա­յու­թեան մաղ­թանք­նե­րուն միա­խառ­նեց իր ա­ղօթ­քը մէջ­բե­րե­լով Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թեր­գի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը. «Եր­կար կեանք տուր Հայ­րա­պե­տին, եր­կար օ­րեր Հա­յոց Հօր»։

Ան ը­սաւ, որ «հա­յոց հայր», «հո­վիւ մեր հօ­տի» եզ­րե­րը կը գոր­ծա­ծուին կա­թո­ղի­կո­սի պա­րա­գա­յին։ Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն ե­ղած է այս­պէս՝ սկսեալ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ Մեր նախ­նի­նե­րուն ու մե­զի հա­մար Վե­հա­փա­ռը ապ­րող խորհր­դան­շանն է մեր ժա­ռան­գու­թեան. ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ ապ­րած է 17 դար, ար­ձա­նագ­րած է մե­ծա­գոյն ձեռք­բե­րում­ներ, յաղ­թա­հա­րած ա­մե­նա­ծանր դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ այ­սօր կը տա­րա­ծուի ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Իբ­րեւ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ի­րա­ւա­յա­ջորդ՝ Վե­հա­փա­ռը մեր կապն է այն մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնք մեր ժո­ղո­վուր­դը դար­ձու­ցին աշ­խար­հի ա­ռա­ջին պե­տա­կա­նօ­րէն քրիս­տո­նեայ ազ­գը։ Ան է մեր կա­պը Քրիս­տո­սի հրա­շա­լի տե­սիլ­քին հետ, ո­րով հաս­տա­տուե­ցաւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ Մայր Ա­թո­ռը՝ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը։ Այ­սօր, ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մեր մէջ ու­նե­նալ կը նշա­նա­կէ վե­րապ­րիլ հա­ւատ­քի այդ բո­լոր մե­ծա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան ա­ւե­լի վերջ բա­ցատ­րեց, թէ ներ­կա­յիս մենք կը յի­շենք նաեւ, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կը խորհր­դան­շէ նաեւ ու­րիշ վե­րած­նունդ մը։ Ար­դա­րեւ, վե­րած­նած է նաեւ ան­կախ Հա­յաս­տա­նը։ Աս­տու­ծոյ մեծ օրհ­նու­թիւնն է հա­յոց մե­րօ­րեայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար՝ տես­նել ա­զատ ու ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ծնուն­դը։ Այ­սօր բա­զում մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ բա­ցուած են հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ու այս­տեղ եւս Վե­հա­փա­ռը մայր հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման եւ ա­ճի ա­ռաջ­նորդն է։ Ան է յի­շեց­նո­ղը թէ՛ մեր պան­ծա­լի ան­ցեա­լի եւ թէ այն խոստ­ման, որ ա­պա­գա­յի հա­մար կը մարմ­նա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նը։ Վե­հա­փա­ռի քա­ջա­րի ո­գին իւ­րա­քան­չիւր հա­յը կը հրա­ւի­րէ զօ­րաց­նե­լու մեր ժա­ռան­գու­թիւ­նը յա­նուն ա­պա­գա­յին։ Մայր Հա­յաս­տա­նի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի վե­րա­կանգ­նու­մը, աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան կեան­քէն ներս հա­ւա­տի վե­րա­նո­րո­գու­մը մեծ յանձ­նա­ռու­թիւն մըն է, ինչ որ կը պա­հան­ջէ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նման քա­ջա­րի հո­վիւ մը, բայց նաեւ բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րու միա­ցեալ հա­ւատն ու նուի­րու­մը։ Այ­սօր հա­մայն հա­յու­թիւ­նը շնոր­հա­կալ մօ­տե­ցու­մով կը հե­տե­ւի Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ իր հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դու­թեան եւ գոր­ծադ­րած բո­լոր ջան­քե­րուն հա­մար, ազ­գա­նուէր եւ ե­կե­ղե­ցան­պաստ տե­սիլք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին։ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան մաղ­թեց, որ Աս­տուած օրհ­նէ ու զօ­րաց­նէ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ հա­ւա­տի վե­րա­նո­րո­գում պար­գե­ւէ հա­յոց հա­ւա­տա­ւոր հօ­տին։

Մենք եւս որ­դիա­կան ջերմ զգա­ցում­նե­րով կու գանք շնոր­հա­ւո­րել Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դար­ձը ու կը միաց­նենք մեր ա­ղօթք­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը՝ որ­պէս­զի ան տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ տի­րա­բար բազ­մի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի նուի­րա­կան գա­հուն վրայ եւ ան­սա­սան մնայ լու­սա­բե­ւեռ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը՝ իր մա­կա­նին ներ­քեւ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016