Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը։ Սուրբ Գայիանէի վանքէն ներս մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շրջապատուած էր եպիսկոպոսաց դասու անդամներու, Ս. Էջմիածնի միաբաններու եւ բազում հաւատացեալներու կողմէ։ Պատարագիչն էր Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան գահակալութեան երկու տասնամեակներուն ընթացքին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս արձանագրուած յառաջընթացին։

Անդրադառնալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 20-րդ տարեդարձին՝ Մուշեղ Սրբազան ընդգծեց. «Սրբազան հիմնադիրներէն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներէն ու երկրորդ լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորէն սկսեալ, Մայր Աթոռը նոյնացուած է իր գահակալներու հետ: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները կերտած են տուեալ ժամանակի եկեղեցական դարաշրջանը իրենց իւրայատուկ վաստակով եւ գործունէութեամբ: Տարբեր չէ պարագան նաեւ մեր օրերուն, երբ արդէն երկու տասնամեակ Աստուծոյ կողմէ մեզ հովուելու կոչուած է ազգընտիր Հայրապետը Հայոց՝ յանձին Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, որ գահակալութեան այս քսան բեղուն տարիներուն մշտապէս հաւատարիմ մնաց իր ուխտին եւ իր տեսիլքին, որու բարեբեր արդիւնքները կը տեսնենք այսօր։

«Ներկայ ժամանակներուն եկեղեցական կեանքը կը ձեւաւորուի, ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն կը ստանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Սրբազնագոյն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովուապետութեան ներքոյ, եւ մենք այսօր կը տօնենք մեր սիրելի Հայրապետի գահակալութեան 20-րդ տարեդարձը:

«Վեհափառ Տէր, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Դուք ընտրեալ յաջորդը Լուսաւորչի, արժանաւոր շարունակողը եղաք երջանկայիշատակ մեր հայրապետներու առաքելութեան: Անցնող քսան տարուայ ընթացքին մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Ձեր իմաստութեամբ, տեսլականով ու անձանձրոյթ աշխատանքով կ՚իրականանան այն բոլոր սքանչելի ծրագրերը, որոնց շնորհիւ քրիստոնէացած հայ ոգին աւելի կը տոգորէ հայոց ինքնութիւնը եւ կը պահպանուի հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս»:

Սրբազան Հայրը, ներկայ ժողովուրդի եւ Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով շնորհաւորելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Սրբութեան անցնող քսան տարուայ ընթացքին արձանագրուած բազում իրագործումներու համար, մաղթեց, որ Տէրը ամուր եւ զօրաւոր պահէ Նորին Սրբութիւնը՝ նոյն ոգիով շարունակելու առաջնորդել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, քարոզելու «զԲանն Աստուծոյ»:

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ անոր 132-րդ գահակալին՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան համար։  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019