ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Արարատի բնագիրները» գիրքի երկրորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսած այս գործը հրատարակութեան պատրաս-տած է Սուսաննա Նահապետեան։

Գիրքին մէջ ամփոփուած եւ ներկայացուած են Մայր Աթոռի «Արարատ» հանդէսի հրատարակման ամբողջ ընթացքի՝ 1868-1919 տարիներուն, պաշտօնաթերթի, միաբանութեան եւ անոր առանձին անադամներու բնագրական եւ հետաքրքրական իրագործութիւններու ամբողջական պատկերը, լայն ընդգրկումն ու տարողութիւնը։ Երկրորդ հատորին մէջ հրատարակուած են ընդհանուր թիւով 107 չափածոներ, շարականներ, եկեղեցւոյ հայրերու գրուածքներ, կանոններ, վարքագրութիւններ, դաւանաբանական եւ ջատաքովական թղթեր, ձեռագրերու նկարագրութիւններ, յիշատակարաններ եւ արժէքաւոր բնագրեր։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017