ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՂՕԹԱԿԱՆ ՀՍԿՈՒՄՆԵՐՈՒ «ԿԱՐՄԻՐ ՇԱԲԹՈՒԱՆ»
Ֆրանսայի «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը վերջերս կազմակերպեց աղօթական հսկումներու շարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութիւնը։ Այս «կարմիր շաբթուան» ընթացքին Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ յիշեցուեցաւ Արցախն ու տեղահանեալ հայոց տառապանքը, ենթարկուած սպառնալիքները։ Աշխարհի հալածուած քրիստոնեաներուն ձօնուած այս հսկումներուն առթիւ կարմիր գոյնով լուսաւորուած էին շարք մը քրիստոնէական շատ յայտնի սրբավայրեր. օրինակ՝ Փարիզի Նոթրը-Տամ տաճարը, Լուրտի ուխտատեղին, Սպանիոյ «Սուրբ Ընտանիք» տաճարը եւ այլն։ Զուգահեռաբար կազմակերպուած էին նաեւ ցուցահանդէսներ։ Հսկումները համախմբեցին հազարաւոր քրիստոնեաներ, որոնք աղօթեցին իրենց հաւատակիցներուն համար, որոնք կը հալածուին իրենց հաւատին պատճառով։
Այս տարուան հսկումներու մասնակից վկաները ներկայացուցին Փաքիստանը, Պուրքինա Ֆասոն եւ Հայաստանը։
Մխիթարեան միաբանութենէն Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան մատնանշեց Արցախի աղիտալի հայաթափման՝ վերջին շուրջ չորս տարիներու պատահարները։ Ան կանգ առաւ բռնի տեղահանեալներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ։ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան յիշեցուց նաեւ, որ այսօր վտանգներ կը սպառնան նաեւ Հայաստանին՝ մանաւանդ Սիւնիքի մարզի պարագային Ատրպէյճանի նկրտումներուն բերումով։