ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Եւ դու, Բեթ­ղե­հէմ տուն Եփ­րա­թայ,
սա­կա­ւա­ւոր ի­ցես լի­նել ի հա­զա­րա­ւորս Յու­դայ,
ի քէն ել­ցէ ինձ լի­նել իշ­խան Իս­րա­յէ­լի,
եւ ելք նո­րա ի սկզբա­նէ ա­ւուրց աշ­խար­հի»։
(Մի­քիէ, 5.2)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րը կու գայ հա­մա­կել մեզ, հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեան մթնո­լոր­տը ան­գամ մը եւս շնչե­լու ա­ռի­թը ըն­ծա­յե­լով։ Որ­քա՜ն կա­րիքն ու­նինք Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան ա­ւե­տի­սին լսե­լու։ Այս ա­ւե­տի­սը կու գայ յոյ­սով վե­րա­թար­մաց­նել յու­սա­հա­տու­թեան ախ­տով վա­րա­կուած­նե­րու հո­գի­նե­րը, զա­նոնք ձեր­բա­զա­տե­լու հա­մար ա­պա­կա­նիչ եւ վա­տա­ռողջ մթնո­լոր­տի ակն­բախ ազ­դե­ցու­թե­նէն։ Քրիս­տո­սի՝ մեր յա­ւի­տե­նա­կան Թա­գա­ւո­րին եւ Փրկի­չին յայտ­նու­թեան հետ կա­պուած Ա­ւե­տա­րա­նա­կան նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն հա­ղորդ կը դառ­նանք Աս­տու­ծոյ մե­զի հետ ըլ­լա­լու ա­ւե­տի­սին։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան Ճրա­գա­լոյ­ցին նախ­քան Սուրբ Պա­տա­րա­գի մա­տու­ցու­մը կար­դա­ցուած Սուրբ Գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րու մէջ յատ­կան­շա­կան է Մի­քիա Մար­գա­րէի Գիր­քի հա­տուա­ծը, որ մեր ա­կանջ­նե­րու կը հաս­նի ա­ւե­լի քան քսա­նե­ւեօթ դա­րե­րու խոր­քէն։ Այս մար­գա­րէու­թեան ընդ­մէ­ջէն հա­ղորդ կը դառ­նանք ակն­կա­լուած Մե­սիա­յի ծնըն-դա­վայ­րին, Իր իշ­խա­նա­կան եւ ան­ժա­մա­նակ ծագ­ման  հան­գա­մանք­նե­րուն։ Քրիս­տոս՝ յա­ւի­տե­նա­կան Թա­գա­ւո­րը ծնաւ Բեթ­ղե­հէմ, չա­րին յաղ­թե­լու իշ­խա­նու­թեամբ։ Բեթ­ղե­հէ­մը աղ­քատ էր թէ՛ բնակ­չու­թեան թի­ւով եւ թէ տնտե­սա­պէս։ Այդ անն­շան գիւ­ղը հարս­տա­ցաւ Քրիս­տո­սի ծննդեամբ։ Ակն­թար­թի մը հա­մա­զօր ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցով դար­ձաւ կի­զա­կէ­տը հա­մայն մարդ­կու­թեան, սկսեալ Ե­դով­մա­յե­ցի Հե­րով­դէս Թա­գա­ւո­րէն, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի ժո­ղո­վուր­դին հետ խռո­ված էր, նիւ­թա­կա­նով եւ գի­տու­թեամբ հա­րուստ ե­րեք մո­գե­րուն այ­ցե­լու­թեամբ, ո­րոնք ե­կած էին «փնտռե­լու Հրեա­նե­րու նոր թա­գա­ւո­րը, տե­սած ըլ­լա­լով  Ա­նոր աստ­ղը ա­րե­ւել­քի մէջ» (Մատ­թէոս, 2.1-2)։ Մին­չեւ ի կա­տա­րած աշ­խար­հի որ­քան ա­տեն որ կը քա­րո­զուի Սուրբ Ա­ւե­տա­րա­նը, պի­տի յի­շուի Բեթ­ղե­հէ­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ պի­տի շեշ­տադ­րուի Քրիս­տո­սի ներ­կա­յու­թեան հարս­տաց­նող զօ­րու­թիւ­նը։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

Քրիս­տո­սի ծննդեան սքան­չե­լի եւ ան­նա­խըն­թաց դէպ­քը ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ, որ հար­ցադ­րենք մեր փնտռտուք­նե­րը։ Մենք ար­դեօք ըստ բա­ւա­կա­նի կը պա­րա­պի՞նք բա­րո­յա­պէս եւ հո­գե­պէս հարս­տա­նա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ, թէ ոչ մեր ամ­բողջ կեան­քի օ­րե­րը սահ­մա­նա­փա­կած ենք որ­պէս թէ ար­ժէք­նե­րու հե­տա­մուտ լի­նե­լով։ Ե­րեք մո­գե­րը ի­րենց հաս­տա­տա­կա­մու­թեան պտու­ղը քա­ղե­ցին։ Տե­սան նո­րա­ծին Մե­սիան եւ ի­րենց թան­կար­ժէք նուէր­նե­րը մա­տու­ցին։

Լսենք մսու­րէն հա­սած ձայ­նին, մսու­րը կը քա­րո­զէ Ան­ժա­մա­նա­կը, յայտ­նը-ւած՝ ժա­մա­նա­կի սեղմ սահ­ման­նե­րուն մէջ, վասն փրկու­թեան մարդ­կու­թեան։ Յով­հան­նէս Աս­տուա­ծա­բան Ա­ւե­տա­րա­նիչ նո­րա­ծին Աս­տուա­ծոր­դիին ան­ժա­մա­նակ ծա­գու­մը կը շեշ­տադ­րէ «Սկիզ­բէն էր Բա­նը եւ Բա­նը Աս­տու­ծոյ քով էր եւ Բա­նը Աս­տուած էր» (Յով­հան­նէս, 1.1) բա­ռե­րով։ Այս հա­ւատ­քով երբ կը փնտռենք Քրիս­տո­սը, զԱյն գտնե­լով ան­պայ­ման կ՚ար­ժա­նա­նանք Աս­տուա­ծա­յին օրհ­նու­թիւն­նե­րու։ Յա­ւի­տե­նա­կան Իշ­խա­նը, իր իշ­խա­նու­թեամբ կու գայ եւ կը բնա­կի մեր մէջ եւ մենք վկա­նե­րը կ­­՚ըլ­լանք, թէ անն­շան Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ ծնած եւ կեն­դա­նի­ներ կե­րակ­րե­լու սահ­մա­նուած մսու­րի մը մէջ դրուած Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որ­դին «Ճշմա­րիտ Օ­ծեալն էր, որ քա­րո­զու­թեամ­բը յոյս կը ներշն­չէր աղ­քատ­նե­րուն, կը բժշկէր սրտա­բեկ­նե­րը, կ­­՚ա­զա­տէր մեղ­քի կա­պանք­նե­րով գե­րեալ­նե­րը, կը բա­նար կոյ­րե­րու աչ­քե­րը, ա­զատ կ­­՚ար­ձա­կէր չա­րու­թեան ար­մա­տէն կե­ղե­քուած­նե­րը» (Ե­սա­յի, 61.1-2։ Ղու­կաս՝ 4.18-19)։

­Միշտ ի մտի ու­նե­նանք, թէ «շնորհն ու ճշմար­տու­թիւ­նը Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով ե­ղաւ» (Յով­հան­նէս, 1.15)։ Այս Խօս­քին զօ­րու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դուած «Տէր Աս­տուա­ծը սի­րենք մեր ամ­բողջ սրտով, մեր ամ­բողջ հո­գիով եւ մեր ամ­բողջ մտքով» ու փառք տանք որ Փրկիչ մը ու­նինք, որ անն­շան պայ­ման­նե­րու մէջ աշ­խարհ ե­կաւ, որ­պէս­զի ըն­թա­նանք դէ­պի այն եր­ջան­կու­թեան, զոր Աս­տ-ւած խոս­տա­ցած էր տալ ի սկզբա­նէ աշ­խար­հի իր սուր­բե­րուն հա­մար։ Սուրբ կը նշա­նա­կէ նաեւ զա­տուած։ Քրիս­տո­սի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան յանձ­նուած­նե­րը զա­տուած են ա­նոնց­մէ, ո­րոնք այլ ա­ռաջ­նորդ­ներ կ­­՚ո­րո­նեն եւ ի­րենց նա­խա­սի­րած իբ­րեւ թէ ա­ռաջ­նորդ­նե­րով կը փոր­ձեն հաս­նիլ եր­ջան­կու­թեան։

Քրիս­տո­սը փնտռե­լու նպա­տակ ու­նե­ցող­ներ սիրտ կը ստա­նան նոյ­նինքն Իր­մէ. «Խնդրե­ցէք, եւ պի­տի տրուի ձե­զի, փնտռե­ցէք, եւ պի­տի գտնէք, բաղ­խե­ցէք, եւ պի­տի բա­ցուի ձե­զի. ո­րով­հե­տեւ ով որ խնդրէ՝ կը ստա­նայ, ով որ փնտռէ՝ կը գտնէ, ով որ բաղ­խէ՝ պի­տի բա­ցուի ա­նոր» (Մատ­թէոս, 7.7-8)։ Ք­րիս­տո­սի Խօս­քը ճշմա­րիտ է։ Հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով լե­ցուած  եր­թանք Բեթ­ղե­հէմ, տես­նե­լու Աս­տու­ծոյ մե­ծու­թիւ­նը։ Եր­թանք Բեթ­ղե­հէմ ող­ջու­նե­լու յա­ւի­տե­նա­կան Թա­գա­ւո­րը։ Եր­թանք Բեթ­ղե­հէմ լսե­լու հրեշ­տակ­նե­րու փա­ռեր­քը եւ մասնա­կից ըլ­լա­լու ի­րենց ու­րա­խու­թեան։ Եր­թանք Բեթ­ղե­հէմ ա­պա­ւի­նե­լու Խա­ղա­ղու­թեան Իշ­խա­նի անն­կուն մա­կա­նին, բարձ­րա­նա­լու հա­մար յա­ւի­տե­նա­կան եր­ջան­կու­թեան։ Փառք Քրիս­տո­սի Ծննդեան, Փառք Աս­տուա­ծոր­դիին յայտ­նու­թեան։ Եր­թանք Բեթ­ղե­հէմ Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բե­րան Հայ­րա­պե­տի բա­ռե­րով. «Փառք Քեզ Աս­տուած փառք Քեզ, յա­ղագս ա­մե­նայ­նի Տէր Փառք Քեզ»։

Ք­ՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան այս տա­ղա­ւա­րին եւս հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել առ Բարձ­րեալն Աս­տուած, որ­պէս­զի ի հանգստեան կո­չե­ցեալ Ն. Ա. Տ, Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը փրկէ «յա­մե­նայն ո­րո­գայ­թից հոգ­ւոյ եւ մարմ­նոյ» ու բժշկու­թիւն պար­գե­ւէ Իր ա­մե­նա­բա­ւա­կան ո­ղոր­մու­թեամ­բը։ Մեր հա­նա­պա­զօ­րեայ ա­ղօթք­նե­րէն բա­ժին կը հա­նենք նաեւ մեր երկ­րի անխ­տիր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, մա­նաւանդ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն։ Աս­տուած բո­լո­րիս պար­գե­ւէ քա­ջա­ռողջ եւ բա­րօր կեանք, հե­ռու ա­մէն տե­սա­կի չար պա­տա­հար­նե­րէ։

Խա­ղա­ղու­թեան Իշ­խա­նին յայտ­նու­թեան տօ­նախմ­բու­թեանց առ­թած հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեամբ  Քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն է մտա­բե­րել նաեւ հա­մայն աշ­խար­հի տա­ռա­պեալ­նե­րը ա­ռանց ցե­ղի, կրօն­քի եւ դա­ւա­նան­քի խտրու­թեան։ Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը թող տա­րա­ծուի անխ­տիր բո­լո­րին վրայ։ Ա­մե­նա­կալ Աս­տուծ­մէ կը հայ­ցենք, որ բո­լո­րին պար­գե­ւէ համ­բե­րու­թիւն, հա­ւատ­քի տո­կու­նու­թիւն, որ­պէս­զի մեղ­մա­նան ի­րենց ցա­ւերն ու տա­ռա­պանք­նե­րը, մխի­թա­րուին բո­լոր սգա­ւոր­նե­րը  ու դադ­րին ի­րենց լա­ցը։ Մեր յոյսն է, որ մար­դիկ երբ կը կա­մե­նան խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեամբ ապ­րիլ, ա­մէն տե­սա­կի ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կրնան չքա­նալ եւ կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ հաս­տա­տել սի­րոյ, եղ­բայ­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան եւ բա­րօ­րու­թեան մի­ջա­վայր մը։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րը, ա­ռիթ մը ըլ­լայ վե­րա­նո­րո­գուե­լու Աս­տ-ւա­ծա­յին Փառ­քի ծագ­ման ա­ւե­տի­սով։ Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որդ­ւոյն՝ տի­րոջ Օ­ծեա­լին, Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի խո­նար­հու­թեան օ­րի­նա­կի ընդգր­կու­մով նուի­րուինք ծա­ռա­յու­թեան, իւ­րա­քան­չիւրս իր դաշ­տին մէջ, միշտ ի մտի ու­նե­նա­լով Աս­տու­ծոյ փառ­քը, ե­կե­ղե­ղե­ցեաց պայ­ծա­ռու­թիւ­նը եւ մեր հո­գե­ւոր շի­նու­թիւնն եւ մխի­թա­րու­թիւ­նը։ Այս բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն պտղա­բե­րու­թեան յոյ­սով ող­ջու­նենք զի­րար ը­սե­լով.

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­­ՏՈ­ՍԻ.

Նմա փառք, յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից. Ա­մէն։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­ռա­քե­լա­կան Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­ներն անխ­տիր եւ քրիս­տո­սա­ւանդ ջեր­մա­գին սի­րով կ՚ող­ջու­նենք մեր Հո­գե­ւո­րա­կան Դա­սու ան­դամ­նե­րը, Սրբա­զան Ե­պիս­կո­պոսն ու Միա­բան Հայ­րե­րը, Քա­­հա­նա­յից Դա­սը, Գալ­ֆա­յեան Ուխ­տի Քոյ­րը, Սար­կա­ւա­գաց եւ Դպրաց Դա­սե­րը, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Տնտե­սա­կան Խոր­հուր­դի, Տիկ­նանց եւ Ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մե­րու ան­դամ­նե­րը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, Բժշկա­պե­տու­թիւ­նը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ-­քոյ­րե­րը, Հա­մայն­քա­յին Հաս­տա­տու­թեանց Խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը, Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րը, Տիկ­նանց Յանձ­նա­խում­բե­րը, մեր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու Հիմ­նա­դիր­նե­րը եւ Տնօ­րէն­նե­րը, Հո­գա­բար­ձու­թիւն­նե­րը, Ու­սուց­չաց Դա­սը, Աղ­քա­տախ­նամ Մար­մին­նե­րը, Սա­նուց Միու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր մար­դա­սի­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մար­մին­նե­րը, Հայ Մամ­լոյ Խմբա­գիր­նե­րը եւ ողջ Անձ­նա­կազ­մը, բա­րե­սի­րա­կան եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց սա­տա­րող ազ­նիւ բա­րե­րար­նե­րը եւ հա­մայն հա­ւա­տա­ցեալ եւ սի­րե­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ մաղ­թե­լով բո­լո­րին եր­ջա­նիկ Ս. Ծննդեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղե­ցա­շէն, կրթա­նուէր եւ բա­րե­սէր գոր­ծու­նէու­թեանց լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն։

Յա­տուկ օրհ­նու­թեամբ կ­­՚ող­ջու­նենք եւ կը շնոր­հա­ւո­րենք Կրե­տէի Հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը։

Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին ա­ռի­թով կը շա­րու­նա­կենք ա­ղօ­թել վասն բա­րօ­րու­թեան եւ ան­սա­սա­նու­թեան Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի։ Մեր որ­դիա­կան ակ­նա­ծան­քը կը յղենք Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին, հայ­ցե­լով Վե­հա­փառ Տի­րոջ եւ Մայր Ա­թո­ռի ողջ միա­բա­նու­թեան ա­ղօթք­նե­րը։­

Ի Քրիս­տոս սի­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Ա­րամ Ա Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւն Տ. Նուր­հան Պատ­րիար­քը, հան­դերձ ի­րենց միա­բա­նա­կից վա­նա­կան հայ­րե­րով, նաեւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ա­ռա­քե­լա­գործ վի­ճա­կա­ւոր­նե­րը, հան­դերձ ի­րենց հո­գե­ւո­րա­կան դա­սե­րով վստահ ըլ­լա­լով, թէ բո­լո­րը ա­ղօ­թա­կից են մե­զի։

Այս առ­թիւ ի Քրիս­տոս սի­րով ող­ջու­նե­լով Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րի մեր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը յղենք նաեւ բո­լոր քոյր Քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­վիւ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, գլխա­ւո­րա­բար Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն։

Սի­րոյ ջեր­մա­գին ող­ջոյն­ներ կ՚ա­ռա­քենք Սփիւռ­քի տա­րած­քին գտնուող Պոլ­սա­հայ, Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք, Կեդ­րո­նա­կան, Է­սա­յեան, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րու Միու­թիւն­նե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի բա­րե­պաշտ եւ ե­կե­ղե­ցա­նուէր մեր ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը փոր­ձեն պա­հել մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, միան­գա­մայն հո­գե­ւոր եւ տոհ­միկ կապ պա­հե­լով ի­րենց ծննդա­վայ­րին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աս­տուա­ծա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւնն Հօր եւ Որդ­ւոյ եո Հոգ­ւոյն Սրբոյ ե­ղի­ցի ընդ մեզ. Ա­մէն։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ։

 

Ա­ՐԱՄ ԱՐ­ՔԵՊՍ. Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017