ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Աստուծոյ առաջնորդութեամբ մարդկութեան առջեւ կը բացուի Նոր տարին, որ կը նուիրագործուի Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեամբ: Նորին խորհուրդը ընդհանրապէս դժուար պիտի ըլլար ըմբռնել, եթէ երբեք Աստուած չներգործէր աշխարհի կեանքին մէջ, մարդկանց հոգիներէն ներս: Ժամանակը, կեանքն ու տեղը կարելի չէ նորին պրիսմակէն տեսնել առանց Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին: Եւ այս սոսկ մտածում մը չէ կամ մտածումի մը արդիւնք, այլեւ՝ ապրուած հաւատքի արտայայտութիւն: Քանզի ամէն անգամ, երբ տօնախմբենք Սուրբ Ծնունդը, ներքին անբացատրելի հոգեւոր զգացումներով կը լեցուի մեր էութիւնը եւ ինքնըստինքեան անձնատուր կ՚ըլլանք Աստծուն եւ մեր ուրախութիւնը կ՚ըլլայ անչափելի:
Յիսուսի Ծնունդը մարդկութիւնը կը տօնախմբէ գիտակից հաւատքով: Քաջ կ՚ըմբռնենք այն ճշմարտութիւնը, որ Աստուածորդին՝ Յիսուս մանուկը մեզի կը բերէ Աստուծոյ սէրը, խոնարհութեան պատգամը, խաղաղութեան շունչը, կեանքին մէջ նոր կեանք մը բանալու խորհուրդը եւ տակաւին բազում դասեր, որոնց մէջ էականը կը մնայ այն, որ մարդն ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համաձայն՝ իր մէջ ունի նաեւ ստեղծագործելու ոգին ու ուժը:
Յիսուսի Ծնունդը՝ աստուածային այն անկրկնելի հրաշքն է, որ մեր մէջ ծնունդ կու տայ նոր մարդուն: Ս. Ծննդեան տօնը, հետեւաբար, դադար մը կը հաստատէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի ունենանք անդրադարձումի ու քննութեան պահը եւ ապա մեր կեանքի ճանապարհը պայմանաւորուի Աստուծոյ կամքին համաձայն:
Յիսուսի Ծնունդը դժուար է բացատրել բառերով, այն պէտք է ապրիլ, զգալ եւ մանաւանդ հաղորդակից ըլլալ անոր խորհուրդին: Եւ ի զուր չէ, որ յաճախ ժողովրդական բացատրութիւնն ու խոսքը կ՚ըսէ հետեւեալը, թէ պէտք է մանուկի մը պէս հրճուիլ եւ ուրախանալ Յիսուսի Ծնունդին ի տես, քանզի մանուկի մը սիրտը մաքուր է ինչպէս սպիտակ ձիւնը։ Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնը կու գայ իմաստաւորելու այդ մանուկին կեանքի խոստումն ու յանձնառութիւնը, որպէսզի ան ըլլայ օրինակելի: Եւ ինչո՞ւ նոյնպիսի խոստում ու յանձնառութիւն չկատարենք չափահասներս, որուն այնքան պէտք ունինք, որպէսզի մեր էութեանը մէջ արմատաւորենք ներքին հոգեւոր հարստութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Այս ամանորին Քրիստոսի Ծնունդով վերստին մանկանալու հրաշքին ակնդէտ կը սպասենք։
Թող մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի հրաշալի Ծնունդը մեր էութեան մէջ խորացնէ հաւատքի քաջութիւնը՝ որպէսզի նոր խոստումներով լեցնենք մեր կեանքը: Յիսուսի կեանքը դարձաւ ծառայութեան ճանապարհը մարդկութեան կեանքին մէջ: Ուրեմն մենք եւս կատարենք նոյնը` մէկզմէկու ծառայութեամբ: Անոր երկրաւոր կեանքը լուսաւորեց աշխարհը այնպիսի պատգամներով, որոնք ցայսօր փարոսի պէս կը լուսաւորեն մեր կեանքին խորայատակ ծալքերը: Եւ գուցէ Քրիստոսով մեզի հաղորդուած կեանքի դասերէն մեծագոյնը կը մնայ ներողամտութիւնը: Եթէ մարդը կ՚ուզէ ինքզինք ազատել գերութենէ, ապա պիտի կարողանայ ներողամտութեամբ ապրիլ, որպէսզի ճշմարտապէս ապրի քրիստոնեայի կեանքով:
Յիսուսի Ս. Ծնունդը ողջ մարդկութեան կեանքը կ՚առաջնորդէ նոր կեանքի, որպէսզի մարդիկ սթափումի պահ մը ունենան եւ կեանքը ապրին ոչ թէ իրենց կամքին համաձայն, այլեւ՝ Աստուծոյ։ Այս կեանց պատգամները մեզի կու գան Քրիստոսի վարդապետութենէն եւ Սուրբ Աւետարաններէն:
Յիսուսի Ս. Ծնունդը նոր կեանքի պատգամը կը յղէ նաեւ մեր ազգի զաւակաց, որպէսզի կեանքն ապրինք հաւատքով Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը իւրացնելով մեր մէջ, որպէսզի օրհնութիւն բերենք մեր Հայրենիքին ու Ս. Եկեղեցւոյն: Յիսուսի Ս. Ծնունդը տօնախմբել հայ քրիստոնեային համար կը նշանակէ նորոգեալ հաւատքով սիրել Հայրենիքն ու Ս. Էջմիածինը, նորոգեալ յանձնառութիւններով իմաստաւորել մեր աստուածատուր կեանքը: Եւ երանելի է այն հայ քրիստոնեան, որ իր հաւատքը կ՚ապրի գործնապէս եւ Յիսուսի Ծնունդը կը տօնախմբէ որպէս հրաւէրը՝ նոր կեանքի:
Յիսուսի Ս. Ծննդեան խորհուրդով ապրինք կեանքը: Յիսուսի Ծնունդը՝ Աստուածորդու Երկինքէն Երկիր խոնարհումն է մարդկութեան կեանքին մէջ, որպէսզի Անոր հետ բարձրանանք առ Աստուած: Եւ եթէ մարդկութիւնը ունենայ իր մէջ Աստուծոյ աչքին խոնարհ կեանք մը ապրելու ձգտումն ու տեսիլքը, ապա այն ժամանակ ողջ աշխարհը կ՚ապրի նոր կեանք մը ի Քրիստոս:
Ուրախ սրտով կը յայտարարենք Ծնունդն Աստուածորդու, որպէսզի Աստուած նորոգէ մեր հոգին եւ մանուկ Յիսուսի հետ նոր կեանքին ծնունդը ապրինք նաեւ մենք:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Պըրպենք, Գալիֆորնիա