ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԷՆ ԲՈՂՈՔԻ ՁԱՅՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս վերջերս ժողով մը գումարած է Թեմական խորհուրդը, որ հրապարակած է սրտցաւ, ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Մոնրէալի առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Թեմական խորհուրդը քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ ձեռնարկուած կանոնազանց արարքներու պատճառով ստեղծուած ցաւալի իրավիճակը։ Արդարեւ, Օնթարիոյ մէջ, Ուինթսըր քաղաքէն ներս կը ստեղծուի նոր ծուխ մը՝ Գանատայի անթիլիասական թեմի իրաւասութեան ներքեւ։ Մինչդեռ այնտեղ գոյութիւն ունի Գանատահայոց թեմէն ներս պատշաճօրէն ձեւաւորուած ծուխ մը, որ կը գործէ շուրջ 27 տարիէ ի վեր։
Այս պայմաններուն ներքեւ Թեմական խորհուրդը պաշտօնական յայտարարութիւնով կ՚արտայայտէ իր սաստիկ զայրոյթը եւ անթիլիասական թեմի ներկայացուցիչներէն կ՚ակնկալէ նկատի ունենալ հարցի լրջութիւնը եւ ուղղել կանոնազանց ցուցումը։