ԴՐՈՒԱՏԻՔ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի յաջողագոյն դպրոցականները։ Տարիներէ ի վեր ամբողջ Հայաստանի տարածքին կը կազմակերպուին այս առարկայի ողիմպիականները, որոնց վերջին յաղթականները երէկ ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին՝ արժանանալով անոր ջերմ դրուատիքին եւ յորդորներուն։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի յարկէն ներս Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ ողիմպիականներու՝ Հայաստանի մարզերէն եւ Արցախէ մեկնած 21 վկայական նուաճած սաներուն եւ խումբ մը կրթական մշակներու հետ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Հանդիպման սկիզբին արտայայտուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէր ողիմպիականներու կարգադիր յանձնախումբը։ Այս առթիւ հայր սուրբը ուրախութեամբ նշեց, որ անցեալ 16 տարիներու ընթացքին «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը» դարձած է աշակերտներու կողմէ սիրուած առարկաներէն մին եւ իր ուրոյն տեղը ունի դասացուցակներուն մէջ։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը պատանիներուն իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները բերաւ՝ շեշտելով դպրոցներէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդման նշանակութիւնը։ Այս առարկայով հետապնդուած նպատակը եղած է մատաղ սերունդը հաղորդ դարձնել Հայ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ստեղծուած ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այս առարկայի միջոցաւ աշակերտներուն հնարաւորութիւն տրուած է ո՛չ միայն Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու վարդապետութիւնը սորվելու, այլեւ քրիստոնէական միւս եկեղեցիներուն եւ այլ կրօններու մասին տարրական պատկերացում կազմելու առիթ ընձեռած է։ Սա նպաստաւոր գործօն մըն է, որպէսզի հայորդիները ճիշդ կերպով կառուցեն իրենց յարաբերութիւնները բազմակրօն աշխարհի եւ զանազան հայեացքներով մարդոց հետ։ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց աշակերտներուն լաւ ուսանիլ, շարունակ կրթել միտքն ու հոգին՝ իրենց գիտելիքներով, դաւանած արժէքներով եւ հայրենանուէր նկարագրով դառնալու համար ազգի արժանի զաւակները։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի կառավարութիւնը այս շրջանին կրթական բարեփոխումներու անուան տակ ըրած է կարգադրութիւններ, որոնց հետեւանքով այս առարկան դուրս կը մնայ դասացուցակներէն։ Ուստի, երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ մտահոգութիւններ արտայայտուեցան այս առարկայի դասաւանդման ապագային շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը լուսաբանութիւններ տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ նախապէս արտայայտուած կեցուածքին մասին։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ այս կապակցութեամբ վերջերս ներկայացուած մօտեցումները անընդունելի կը համարուին։ Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերով յանձնախումբը յառաջիկայ օրերուն վերստին Հայ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումները պիտի յանձնէ, կրթութեան ոլորտի լիազօր պետական պատկան մարմիններու նկատառման։ Նոյն կապակցութեամբ յիշեցուեցաւ, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վերջին ժողովներուն ընթացքին ալ այս խնդիրը եկած էր օրակարգի վրայ։

Հանդիպման աւարտին յաջող աշակերտները Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ ստացան նուէրներ։ Նորին Սրբութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ տղաքը այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանները, իրենց ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021