ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշեց Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Տաղաւարի աւետիսը եկաւ հոգեւոր հրճուանքով եւ յարաբերական լաւատեսութեամբ համակել համայն հայաշխարհը, որ ներկայիս պատմականօրէն ծանր շրջան մը կը դիմագրաւէ՝ մասնաւորապէս պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն բերումով։
Ինչպէս ամէն տաղաւարին, այս Ս. Զատիկին եւս համայն հայութեան ուշադրութիւնը առաջնահերթօրէն կեդրոնացած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նախամեծար, ընդհանրական կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը կ՚անցնի ի հիմանէ վերանորոգութենէ եւ ամրակայումէ, ուստի վերջին տարիներուն տաղաւարներու հայրապետական Ս. Պատարագները կը մատուցուին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած, միջանկեալ կարգադրութեամբ պայմանաւորուած այս նախընթացը երէկ ալ շարունակուեցաւ, սակայն, հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին առաւելագոյն ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն նկատմամբ։ Արարողութեան ընթացքին թափօրները չկազմուեցան, որպէսզի հաւատացեալներու կուտակումները կանխուին։ Ս. Հաղորդութեան մատակարարման ընթացքին եւս Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր զգուշութիւն ցուցաբերեց։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալին Ս. Հաղորդութիւն տալէ վերջ ան նախապէս պատրաստուած հականեխիչ թաշկինակներով մաքրեց իր մատները։
Երէկ առաւօտ եկեղեցական զանգերու ղօղանջը ազդարարեցին տաղաւարի աւետիսը։ Վեհափառ Հայրապետը մեծահանդէս Ս. Պատարագ մատոյց իսկապէս շատ խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, մինչ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի երգչախումբը սրբազան երգեցողութեան կատարումները գերազանց կ՚իրականացնէր։ Մենակատարներու դիպուկ ձայնը հոգեւոր խոր ապրումներու կ՚առաջնորդէր հաւատացեալները, որոնք հետեւեցան հայրապետական Ս. Պատարագին։
Նորին Սրբութիւնը, հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ, առընթերակայ ունէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանը եւ Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանը։ Փէշակիրներն էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու բաժնի պատասխանատու Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Արարողութիւնը ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ եւ այսպէսով ողջ հայութիւնը կարողացաւ հաղորդ դառնալ Ս. Զատկի մեծահանդէս տօնակատարութեան խորհուրդին եւ հոգեւոր հրճուանքին։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագի ընթացքին տուաւ Ս. Յարութեան տօնի պատգամը, որ ուղղուած էր իր աշխարհասփիւռ հօտին եւ նոյնպէս հեռարձակուեցաւ ուղիղ եթերով։
Յաւարտ արարողութեան, արձակման աղօթքը արտասանելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը համայն հայութեան փոխանցեց «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» հրեշտակաբարբառ կենսանորոգ աւետիսը։
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ս. Զատկի տօնին առթիւ շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նախագահ Սարգսեան շաբաթ երեկոյեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ մատուցուած Ճրագալոյցի Ս. Պատարագին։
Արարողութիւններէն վերջ, Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ Վեհարանի երդիքին տակ կատարուեցաւ նաեւ աւանդական տնօրհնէք, որուն եւս մասնակցութիւն բերաւ Արմէն Սարգսեան։