ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ Ֆրան­սիս­քեան միա­բա­նու­թեան Սուրբ Երկ­րի նոր վա­նա­հօր՝ Հայր Ֆրան­սես­քօ Փա­թո­յի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Սուրբ Երկ­րի տէ­րու­նա­կոխ սրբա­վայ­րե­րը միաս­նա­բար կը տնօ­րի­նեն հա­յոց, յու­նաց եւ լա­տի­նաց պատ­րիարք­նե­րը։ Լա­տին Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նով այդ գոր­ծը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Ֆրան­սիս­քեան միա­բա­նու­թիւ­նը։ Հայր Ֆրան­սես­քօ Փա­թօ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիար­քին հետ ա­ռա­ջին ան­գամ տե­սակ­ցե­ցաւ՝ իր ներ­կայ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ստանձ­նե­լէ վերջ։

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ եղ­բայ­րա­կան սի­րոյ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Նուր­հան Պատ­րիար­քը շնոր­հա­ւո­րեց Սուրբ Երկ­րի նոր քիւս­թո­տը ու մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ Ֆրան­սիս­քեան միա­բա­նու­թեան լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ Հայր Փա­թօ վստա­հե­ցուց, թէ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին եւս պի­տի շա­րու­նա­կուին դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Քրիս­տո­սի լու­սա­բուխ գե­րեզ­մա­նի նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ՝ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պին կող­մէ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Հա­յաս­տան կա­տա­րուած այ­ցե­լու­թեան։

Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին նո­րան­շա­նակ քիւս­թո­տը Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թեան նուի­րեց ի­տա­լա­ցի նկա­րի­չի մը իւ­ղա­ներկ մէկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Ե­րու­սա­ղէ­մի քրիս­տո­նեայ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յի­նէն ան­դին ու­նին գործ­նա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Սուրբ Տե­ղե­րու վե­րա­բե­րեալ բո­լոր տնօ­րի­նու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին ա­նոնց հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, հե­տե­ւա­բար այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2016