Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ՝ ՊԱՔՈՒԻ ԹԵԶԵՐՈՎ ՊԱՏՈՒԱԾ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԻՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ստորագրութեամբ, վերջին օրերուն իտալերէնով կարեւոր յօդուած մը լոյս տեսաւ Վատիկանի «Լ՚Օսերվաթորէ Ռոմանօ» պաշտօնաթերթին մէջ։ Հարկ է նշել, որ նոյն թերթին մէջ յուլիսի 24-ին լոյս տեսած էր «Ճամբորդութիւն հին կովկասեան Ալպանիոյ մէջ. դէպի քրիստոնէութեան արմատները» խորագրեալ յօդուած մը, որու հեղինակն էր Ռոսելա Ֆապիանի։ Այդ յօդուածը պատուած էր ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի թեզերով Կովկասի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան յայտնի աղաւաղումներով։ Ուրեմն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի յօդուածը, որ այդ մէկուն գիտական հիմքով պատասխանն է, յիշեալ թերթին մէջ հրատարակուած է օգոստոսի 1-ին։ Նորին Սրբազնութեան գրասենեակը հրապարակած է նաեւ այդ յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնը։

«Կովկասեան Ալպանի. պատմութեան ժողովրդականացումը պէտք չէ զայն աղաւաղէ» խորագրեալ յօդուածին մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շեշտած է նաեւ, որ տեղեկատուութեան ճշգրտութիւնը այդ վիճելի յօդուածի շարք մը հատուածներուն մէջ թերի է։ «Անցեալի վերարտադրութիւնը առաջին հերթին կը պահանջէ աղբիւրներու եւ անոնց օգտագործման մեթոտներու ճանաչում ու անոնց նկատմամբ հաւատարմութիւն՝ հակառակ պարագային կը ստացուի պատմութեան խեղաթիւրուած եւ շեղ պատկեր մը, թիւրիմացութիւն կը յառաջանայ՝ յատկապէս այնտեղ, ուր տակաւին չէ ձեւաւորուած պատմական փաստերու վերականգնման միասնական մօտեցում մը», նշուած է Նորին Սրբազնութեան կողմէ։ Յօդուածին մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անհերքելիօրէն ի յայտ բերած է, որ Ռոսելա Ֆապիանիի գրութեան մէջ անտեսուած է Հայաստանի գոյութիւնը՝ որպէս Կովկասի հին թագաւորութիւններէն մին, որու հետ ըստ բոլոր դասական ու հայկական աղբիւրներուն՝ Ալպանիան սահմանակից էր։

«Քրիստոնէութեան Կովկաս ներթափանցումը եւ այդ տարածաշրջանէն ներս ձեւաւորուած երեք՝ աղուանից, հայ եւ վրաց ազգային եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարդ նիւթ մըն է, որ տակաւին ամբողջութեամբ պարզուած չէ։ Կովկասեան քրիստոնէութեան ծագումը առաջին դարուն կը համարուի օրինականօրէն ձեռք բերուած աւանդութիւն մը, զոր տարածաշրջանային բոլոր եկեղեցիները կ՚ընդունին եւ անոր մէջ կը տեսնեն իրենց առաքելականութեան հիմնաւորումը», շեշտած է Նորին Սրբազնութիւնը։

Ճոխ աղբիւրագիտութեան լոյսին տակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յիշեցուցած է, որ աղուանական եկեղեցին 19-րդ դարու սկիզբին Հայ Եկեղեցւոյ ենթարկուած է։

«Նման նիւթերու շուրջ խօսիլը՝ առանց սեփական կարծիքներու ծանրութիւնը հաշուի առնելու, բարոյական խնդիր կը յառաջացնէ։ Սա յատկապէս մտահոգիչ է, երբ պատմական փաստերը կը ներխուժեն իրականութեան մէջ՝ սրելով լարուածութիւնը, պատճառ դառնալով հազարաւոր մարդոց մահուան եւ ստիպելով, որ տասնեակ հազար հայեր լքեն իրենց պատմական հայրենիքը», յօդուածը եզրակացուցած է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Միւս կողմէ, Արցախի թեմն ալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ այս հարցին շուրջ՝ Վատիկանի թերթը մեղադրելով Պաքուի քարոզչամեքենային ծառայութիւններ մատուցելով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2024