ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐՑԱԽ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Արցախ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այսօր Վեհափառ Հայրապետը մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։ Ստեփանակերտի մէջ ան կը հիւրըկալուի Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց նաեւ, որ Նորին Սրբութեան բարձր նախագահութեամբ յառաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը։
Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը անցեալ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս վերջ այցելած էր Արցախ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024