ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին երկու օրերուն հիւրընկալուեցան Արարատեան Հայրապետական թեմի հոգեւոր հայրերը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց Երեւանի եւ Արարատի մարզի հոգեւոր տեսչութեան սպասաւորները՝ գլխաւորութեամբ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի եւ Արարատի մարզի հոգեւոր տեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի։ Երկօրեայ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ։

Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորած հանդիպումներու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած կրթական բարեփոխումները։ Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչի եւ առարկայական չափորոշիչներու նախագծերու անոնց մէջ առկայ խնդիրներու եւ հնչեցուած մտահոգութիւններու շուրջ զեկուցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան՝ անդրադառնալով նաեւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի շուրջ ստեղծուած կացութեան։

Ծաւալուն քննարկման ընթացքին քահանայ հայրերը մտահոգութիւն յայտնեցին իրենց համայնքներու անունով կրթական բարեփոխումներու իրականացման միտուած փաստաթուղթերու մշակման գործընթացին առընչութեամբ։ Անոնք կարեւորեցին ազգային նկարագրով, հոգեւոր-ազգային արժեհամակարգով ամուր հայորդիի, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի ձեւաւորումը։ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի առընչութեամբ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ որդեգրուած մօտեցումն ալ նկատուեցաւ անընդունելի։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանգամանօրէն անդրադարձաւ հովիւներու կողմէ օրակարգի վրայ բերուած հարցումներուն։ Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը բոլորին փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը՝ յորդորելով աշխոյժ ու համարձակ ըլլալ հովուական ծառայութեան մէջ՝ նպաստելով եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման։ Ան ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը բոլոր ժամանակներուն եղած է հայ ժողովուրդին սպասարկելը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020