ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիթվանիայի խորհրդարանի նախագահ Վիքթորիա Փրանցքետիսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Վեհարանի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հիւր խորհրդարանի նախագահը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Հայաստան եւ Լիթվա մըշ-տապէս ունեցած են բարեկամական կապեր։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց լիթվացիներու զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին՝ Հայաստանի անկախութեան հռչակման եւ Արցախի գոյապայքարի սկիզբի ժամանակաշրջանին։ Հանդիպումէն վերջ հիւր խորհրդարանի նախագահին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատունը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019