ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔ
Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ու վանքերէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զօրակցութեան համազգային աղօթք՝ յանուն Արցախի։ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բռնկած սաստիկ մարտերով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին զօրակցութեան համազգային աղօթքը իրականացուց խաղաղութեան վերահաստատման մաղթանքով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ այս աղօթքը։ Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը՝ ուղղեալ համայն հայ ժողովուրդին։
Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ըսաւ. «Մենք խաղաղասէր ժողովուրդ ենք, բայց այժմ կը գտնուինք իրավիճակի մը մէջ, երբ խաղաղութիւն ունենալու համար պէտք է պայքարինք։ Մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի համար վճռական այս օրերուն մենք հաստատակամ եւ աներեր ենք»։ Ան իր խօսքերու տեւողութեան հպարտութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան եւ միասնական դրսեւորումներուն բերումով։ «Սիրելիներ, մենք հպարտ ենք մեր ժողովուրդով. իրենց զաւակները հայրենիքին ընծայող մեր հայրերով ու մայրերով, դէպի առաջնագիծ շտապող հայրենասէր երիտասարդներով ու ազատամարտիկներով, յանուն մեր կեանքի անվտանգութեան ու յարատեւութեան տքնողներով, Արցախին սատարող ամէն մեծ ու փոքրով», նշեց նաեւ իր պատգամին մէջ Վեհափառը։