ՉԵԽԻՈՅ ԿԱՐՏԻՆԱԼԻՆ ԱՅՑԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հրաւէրով այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կ՚այցելէ Չեխիոյ Կարտինալ ու Փրակի Արքեպիսկոպոս Տոմինիք Տուքայ։ Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ հիւր բարձրաստիճան հոգեւորականին հետ, որուն կ՚ուղեկցէին Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի պաշտօնակատար Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեան եւ չեխահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Բարսեղ Վրդ. Փիլաւչեան։
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ առկայ սերտ յարաբերութիւններուն ու գործակցութեան։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ կարտինալին այցելութիւնը պիտի զօրացնէ Հայ Առաքելական եւ Չեխիոյ Կաթոլիկ եկեղեցիներու կապերը։ Վեհափառ Հայրապետը միեւնոյն ժամանակ բարձր գնահատեց հիւր կարտինալին կողմէ Չեխիոյ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ կարտինալին աջակցութեամբ վերջերս Չեխիոյ հայ համայնքին համար Փրակի մէջ տրամադրուած է եկեղեցի մը, ինչ որ մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենայ չեխահայութեան հոգեւոր կեանքի կազմակերպման համար։
Իր կարգին, Կարտինալ Տուքայ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին համար եւ արտայայտնեց իր ուրախութիւնը՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ժառանգութեան ծանօթանալու հնարաւորութեան կապակցութեամբ։ Կարտինալը ընդգծեց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնն ու ստանձնած առաքելութիւնը։ Ըստ իրեն, Հայ Եկեղեցին իւրայատուկ կամուրջ մըն է, որ Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը կը համախմբէ։ Անդրադառնալով չեխահայ համայնքին՝ ան ըսաւ, թէ չեխահայերը երկրի հասարակութեան կարեւոր մասնը կը կազմեն։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Չեխիոյ մէջ հոգեւոր կեանքին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն։
Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։
Միւս կողմէ, հիւր կարտինալը երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ, որ զինքը պարգեւատրեց կառավարութեան ոսկէ մետայլով։