ԼՈՒՍԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, որ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբութեան կողքին էին վերջին օրերուն գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանի մասնակիցները։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ԳՀԽ-ի քառօրեայ նստաշրջանի արդիւնքներուն։ Ան ըսաւ. «Կը կարեւորենք նման հանդիպումները թէ՛ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ թէ մեր եկեղեցականաց դասուն հետ, որովհետեւ Ազգային ժողովը օրինաստեղծ իր գործունէութեամբ կը կարգաւորէ հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները, կը քննարկուին նաեւ հարցեր, որոնք կ՚առընչուին հոգեւոր կեանքին, արժէքային համակարգին։ Եւ այդ առումով առաւել կը կարեւորենք սերտ համագործակցութիւնը Ազգային ժողովի եւ Մայր Աթոռի միջեւ յանուն մեր երկրի ու ժողովուրդի, մեր կեանքի բարօրութեան»։
Նորին Սրբութիւնը հանդիպման տեւողութեան ընդգծեց նաեւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը բոլոր ժամանակներուն եղած է հայ ժողովուրդը դէպի հոգեւոր փրկութիւն առաջնորդելը, նաեւ զուգահեռաբար ազգային ինքնութեան պահպանութիւնը, հայոց պետականութեան ամրապնդումը եւ ժողովուրդի բարօր ու յառաջընթաց կեանքի կերտումը։ Նշելով, որ սա եղած է հայ եկեղեցականի կոչումն ու գիտակցութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կարեւոր նկատեց, որ աշխարհասփիւռ հայրութիւնը միասնաբար, սիրով ու համերաշխութեան ոգիով լծուի Հայաստանի զօրացման, ինչ որ հնարաւոր կը դարձնէ իրականացնել համազգային իղձերն ու տեսիլքները։
Աւելի վերջ Արարատ Միրզոյեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետն ու ժողովականները։ Անդրադարձ կատարելով եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր դասու լուսաւորչական առաքելութեան եւ կարեւորելով համագործակցութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայրենի իշխանութիւններու միջեւ՝ Արարատ Միրզոյեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Դարեր շարունակ, երբ մենք չենք ունեցած պետականութիւն, հոգեւոր հայրերը իրենց ուսերուն վերցուցած են նաեւ լուսաւորականութեան առաքելութիւնը։ Հարանց անապատի դպրոց, Գլաձորի համալսարան, Տաթեւի համալսարան։ Ասոնք հաստատութիւններ են, որոնք ի հեճուկս պատերազմի առհաւիրքներու, կենդանի պահած են հայ հասարակական միտքը՝ ըլլալով յառաջամարտիկը մտքի յեղափոխութեան»։
Արարատ Միրզոյեան կանգ առաւ նաեւ առկայ մարտահրաւէրներու վրայ։ Ան ընդծգեց, որ համագործակցաբար հնարաւոր է կերտել հայրենիքի առաջընթացը։
Զրոյցի տեւողութեան ԳՀԽ-ի անդամները խորհրդարանի նախագահէն լուսաբանութիւններ ստացան՝ ժողովուրդը յուզող զանազան հարցերու, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները կարգաւորող օրէնսդրութեան ու ներկայ համագործակցութեան առընչութեամբ։
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմերու երիտասարդական միութիւններու ատենապետներուն հետ։ 20 թեմերէ երիտասարդական միութիւններու ատենապետներ ներկայացան Նորին Սրբութեան։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման կեդրոնական գրասենեակի աշխատակազմը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր տեսուչ ու կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի։