ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պապական նուիրակ Մոնս. Ժոզէֆ Սփիթերիի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը մանրամասնօրէն ներկայացուց Արցախի հարցը՝ պատմական ու քաղաքական երեսակներով։ Ան յատկապէս ծանրացաւ ստեղծուած ներկայ կացութեան վրայ ու շեշտեց, որ սա վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ յառաջացնել Կովկասէ ներս։

Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Արցախը պատմական Հայաստանի նահանգներէն մէկը եղած է եւ երբե՛ք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի: Պատմութեան ընթացքին եղած են ժամանակներ, երբ Արցախէն ներս հայերը ինքնավարութիւն հաստատած են: Փաստօրէն, Ստալինի միջամտութեամբ Արցախը իբրեւ ինքնավար շրջան մաս կազմած է Ատրպէյճանին: Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք, ինչպէս այլ շրջաններէ ներս, նաեւ Արցախի ժողովուրդը իր ինքնորոշման արդար իրաւունքը վերահաստատեց եւ որպէս անկախ հանրապետութիւն վերակազմակերպուեցաւ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն եւ անոնց ձախողութեան, Ատրպէյճանի անզիջող կեցուածքին պատճառով:

Խօսելով ներկայ պատերազմին մասին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ քաղաքական ու զինուորական միջամտութիւնը կացութիւնը աւելի վատթարացուցած ու բարդացուցած է, իսկ վարձկաններու ու ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը պատերազմին առաւել եւս վտանգած է ամբողջ շրջանը:

Այս ընդհանուր խորքին վրայ, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին, որ երկու առիթներով իր հրապարակային խօսքին մէջ անդրադարձած էր Արցախի պատերազմին եւ զինադադարի կոչ ուղղած: Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը կը սպասէ, որ Վատիկան աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենայ՝ ճանչնալով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Քոսովոյի նման, իբրեւ հիմնական ու մնայուն լուծում Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովման: Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ ընդգծեց, որ բոլոր պայմաններու տակ հայ ժողովուրդը երբե՛ք պիտի չընդունի, որ Արցախը մաս կազմէ Ատրպէյճանին:

Պապական նուիրակը խոստացաւ անմիջապէս Նորին Սրբութեան կողմէ արտայայտուած մտածումներն ու սպասումները փոխանցել Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին եւ Վատիկանի պատասխանատուներուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020