ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ
Աւետիս Հաճեան կը տեղեկացնէ.-
Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին հիւրընկալեց եռօրեայ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր Մխիթար Աբբահօր վախճանման 275-րդ տարելիցին։ «Աստուածաշունչ Հայկազեան. Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, հրատարակութիւնները եւ ազդեցութիւնը» խորագրեալ այս գիտաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն նպաստած էին «SOS արեւելքի քրիստոնեաներ»ը եւ «Instigate»ը։ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին վրայ տեղի ունեցած գիտաժողովին մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան եւ Պատրիարքական Աթոռի Հրատարակչատան եւ տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Եւրոպայի զանազան երկիրներու առընթեր, Հայաստանէն եւ Գանատայէն մասնագէտներ զեկուցումներ ներկայացուցին այս գիտաժողովի ծիրէն ներս։ Ատենախօսներու շարքին էին նաեւ հոգեւոր հայրեր։ Տեսական բաժնի աւարտին տեղի ունեցաւ գործնական քննարկում՝ մասնաւորապէս Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան քննական բնագրի կազմման հարցին շուրջ։ Արդիւնքին ժողովականները որոշեցին մօտաւոր ապագային ձեւաւորել աշխատանքային խումբ մը, որու նպատակը պիտի ըլլայ գիտաժողովի ընթացքին արծարծուած տեսական կամ գիտական բնոյթով հարցերուն փուլ առ փուլ լուծում տալը։
Այս գիտաժողովի զեկուցողներու շարքին էին՝ Հ. Վահան Վրդ. Օհանեան, Հ. Սերովբ Վրդ. Չամուրեան, Հ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէքեան, Տ. Գէորգ Աբեղայ Սարգիսեան, Արմէն Մալխասեան, Վահէ Թորոսեան, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Փաոլօ Լուքքա, Մարքօ Պայս, Ռիքարտօ Փանէ, Մհեր Քումունց, Խաչիկ Յովհաննիսեան, Մայա Գրիգորեան եւ Վահագն Պօղոսեան։
Գիտաժողովի ընթացքին հրապարակուեցաւ՝ Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ նախաձեռնուած «Մխիթար» հարթակի ստեղծման մասին։