ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առթիւ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Առաւօտուն Ս. Պատարագ մատոյց նորաօծ սրբազաններէն Արժանթինի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Առէն Եպսկ. Շահէնեան, որ իր քարոզին մէջ յոբելեանը շնորհաւորելով ըսաւ. «25 տարի առաջ բարեգութն Աստուած ցոյց տուաւ հայոց ազգին նկատմամբ իր սէրն ու հոգատարութիւնը՝ առաքելահաստատ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ տալով բարի, հոգատար, իմաստուն ու քաջ հովիւ մը, որ կարողացաւ մեր ազգին համար դժուարին, տագնապալի ու փոթորկալից ժամանակներուն անսասան պահել հայու ինքնութեան եւ փրկութեան տապան Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին՝ դառնալով արժանի յաջորդը Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու եւ երկրորդ Լուսաւորիչ Ս. Գրիգոր Հայրապետի»։

Օրուան տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Փրակի արքեպիսկոպոս Եան Կրաուպնէրը, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ Ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան, Չեխիոյ հայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Բարսեղ Վրդ. Փիլավչեան եւ չեխահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։

Միւս կողմէ, վեհարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Նորին Սրբութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պարգեւատրեց՝ Աշոտ եւ Լորա Թունեանները։ Հարկ է նշել, որ Թունեան ամոլը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն է՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գնահատանքին արժանացած հայրենանուէր, եկեղեցասէր եւ ազգաշահ իրագործումներու համար։

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024