ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Սուրբ Էմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ համայն հայութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
*
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Այսօր հրեշտակք յերկնից իջեալ տան զաւետիս մարդկան. յարեաւ խաչեալն եւ յարոյց զձեզ ընդ ինքնեան»
(Շարական)։
Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ մեր ի Հայրենիս եւ ի Սփիւռս,
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան ուրախութիւնը վերստին կը թեւածէ մեր հոգիներուն մէջ։ Կը բերկրենք նման իւղաբեր կանանց, որոնք թափուր տեսան Փրկչի գերեզմանը եւ հրեշտակներէն լսեցին Անոր Յարութեան աւետիսը։ Կը ցնծանք նման վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներու եւ Էմմավուսի ճամբորդներու, որոնց յարուցեալ Տէրը երեւաց եւ փարատեց անոնց տարակոյսներն ու տրտմութիւնը։ Յարութեան լոյսի շողերով այլեւս լուսաւորուած է խաւարեալ երկինքը, թօթափուած են խաչելութեան վիշտն ու տխրութիւնը։ Բացուած է դրախտը եւ խորտակուած է դժոխքը, պարտուած է մահը եւ յաղթանակած՝ կեանքը։
Քրիստոս՝ Փրկիչ մեր Տէրը, խաչի վրայ Իր զոհագործութեամբ եւ Հրաշափառ Յարութեամբ մարդկութեան համար դարձաւ փրկութեան պատարագ, որ կը բաշխուի ամէնուր՝ հաւատքով ընդունողներուն։ Տէրունական անգին փրկագործութիւնը Երկնէն արքայութիւնը ժառանգելու շնորհին կ՚արժանացնէ հաւատացեալ հոգիները, ինչպէս եւ շարականագիրը կ՚ըսէ. «Յարեաւ խաչեալն եւ յարոյց զձեզ ընդ ինքնեան»։
Մեր ժողովուրդի ընթացքը պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ յաճախ եղաւ նմանութիւն Քրիստոսին։ Յաճախ չարչարանաց Գողգոթա բարձրացանք, խաչակից եղանք Տիրոջ եւ Իր Յարութեան հաւատքով յարութիւն առինք։ Տիրոջ շնորհով մեր ժողովուրդը յաղթահարեց իր դէմ մոլեգնած դաւերն ու աւերները, հալածանքներն ու կոտորածները եւ վառ պահեց յոյսը իր վերածնունդի, իր ապահով ու լուսաւոր կեանքին։
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան լուսապայծառ տօնի այս հիասքանչ օրը մենք կ՚աղօթենք նաեւ ցեղասպանութեան մեր նահատակներուն համար։ Դար մը առաջ էր, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալու համար անլուր տառապանքներով ցեղասպանութեան ենթարկուեցան։ Անոնք նահատակութեան պսակը ընդունեցին առաքեալի խօսքի ճշմարտութիւնը ունենալով իրենց սրտին մէջ. «Եթէ մեր այս հողեղէն տունը, որ մեր մարմինն է, աւերուի, Աստուծմէ շինուած անձեռակերտ յաւիտենական տուն ունինք երկինքին» (Բ Կորնթ. Ե 1)։ Աշխարհին, ողջ մարդկութեան մեր ժողովուրդը իր նահատակութեամբ եւ յարուցեալ կեանքով վկայեց յարութեան հրաշքի ճշմարտութիւնը։ Եղանք խաչեալ, եղանք վշտահալած, բայց ոչ յուսահատ, վիրաւոր, բայց ոչ տկար, աշխարհասփիւռ, բայց ոչ անհայրենիք։ Կորստեալ հայրենիքի սէրը սրտին մէջ՝ մեր ժողովուրդը պատմական Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ վերակերտած պետականութեան ներքեւ եւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ նոր կեանք վերընձիւղեց՝ հաւաստելով, որ իր կենաց ծառը՝ հաւատքի անսասան վէմին արմատացեալ, կենսատու զօրութեամբ կը պտղաբերէ եւ կը ծնի զաւակներ, որոնք կը շէնացնեն ազգն ու հայրենիքը։ Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման համար դար մը պայքարեցանք եւ կը շարունակենք պայքարիլ՝ արդարութեան յաղթանակի հաւատով։ Աշխարհ երբեմն լսեց մեզ, երբեմն անտեսեց, որովհետեւ միշտ չէ որ ունկնդիր է եւ հաւատարիմ Քրիստոսի բերած խաղաղութեան եւ մարդկանց մէջ հաճութեան պատգամին, ի հետեւանս որու՝ մարդկութեան նորագոյն պատմութիւնը կրկին մթագնեցաւ։ Նոր ցեղասպանութիւններու եւ պատերազմներու խաւարով։ Այսօր ալ մարդկային կեանքը կ՚ալեկոծի հակամարտութիւններով ու արիւնահեղութիւններով։ Մարդկութեան օրրան Երկիր մոլորակի վրայ տենչալի խաղաղութիւնը եւ համընդհանուր հաճութիւնն ու համերաշխութիւնը տակաւին կը մնան որպէս չիրականացուած երազանք։ «Աստուած մահ չէ ստեղծած եւ Ան չ՚ուրախանար ողջերու կորուստին համար», կ՚ուսուցանէ աստուածաշնչեան իմաստութիւնը (Իմաստ. Ա 13)։ Աւելին՝ խաչեալ եւ յարուցեալ Իր Միածին Որդւոյ միջոցաւ Աստուած պարգեւած է շնորհը մահուընէ հեռանալու, ինչ որ կը պարտաւորեցնէ ազգերը եւ պետութիւնները միասնական ու միահամուռ կամք դրսեւորել՝ կանխելու համար մարդկութեան խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը վտանգող սպառնալիքները, առաւել նախանձախնդիր ըլլալու արդարութեան ու ճշմարտութեան հաստատման, եղեռնագործութիւններու համընդհանուր դատապարտման գործին մէջ, այլապէս աշխարհի չարաղէտ ընթացքները պիտի շարունակեն առաջնորդել դէպի նոր ողբերգութիւններ։ Մարդկութիւնը պարտք ունի սրբելու աշխարհի մէջ ծովացող արցունքը, լուսաւոր մանկութիւն երազող որբ ու կարօտեալ երախաներու անօգնակալ հայեացքներու, լաց ու ճիչի առջեւ լռեցնելու որոտները մահաբեր զէնքերու, արմատախիլ ընելու աղքատութեան չարիքը։ Խաչելութիւնը աշխարհի մէջ պէտք է յաղթահարուի եւ փոխարինուի յարութեամբ։
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, այսօր, երբ ունկնդիր ենք «Յարեաւ խաչեալն եւ յարոյց զձեզ ընդ ինքնեան» աւետիսին, քաջալերուինք հոգիով, ապրինք որպէս Քրիստոսի հետ մահէ վեր յառնած ժողովուրդ, Քրիստոսին հաւատարիմ եւ յարութեան զօրութիւնը ունեցող ժողովուրդ։ Դիմագրաւենք մեր կեանքի մարտահրաւէրները եւ նեղութիւններու ու դժուարութիւններու չարչարանաց մեր խաչը ծաղկեալ դարձնենք բոլորանուէր մեր ջանքերով, հայրենանուիրումի ու ազգանուիրումի նոր գործերով։ Ազգային, պետական, հասարակական մեր կեանքը, հոգեւոր-եկեղեցական մեր անդաստանը շէնացնենք «զի Աստուած ընդ մեզ է» աներկբայ հաւատով եւ քալենք դէպի վերելքի նոր հորիզոններ եւ դէպի յաղթանակը մեր արդար դատին։
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի խնդութիւնը Մեր հոգւոյ մէջ՝ Մեր բարեմաղթանքները կը յղենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին, քոյր Եկեղեցիներու շնորհազարդ հոգեւոր Պետերուն։
Մեր Տիրոջ հրաշափառ Յարութեան աւետիսով կ՚ողջունենք Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանն ու Առաջին Տիկինը։ Ողջոյն կը յղենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանիին՝ մաղթելով արգասալի ծառայութիւն եւ նոր ձեռքբերումներ՝ յանուն մեր երկրի հզօրութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու առաջընթացի։ Մեր բարեմաղթանքները եւ օրհնութիւնը կը բերենք այստեղ ներկայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանին եւ միութեան անդամներուն, որոնք հայրենիքի մէջ կ՚իրականացնեն միութեան տարեկան համագումարը։ Սուրբ Յարութեան աւետիսով Մեր օրհնութիւնը կը բերենք Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն՝ մաղթելով գործոց յաջողութիւններ՝ ի խնդիր մեր երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդման եւ գործակցութեան զօրացման։
Քրիստոսի Յարութեան տօնին առթիով կը շնորհաւորենք հաւատաւոր Մեր զաւակները ի Սփիւռս աշխարհի եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտեալ սպասաւորները՝ բերելով Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը եւ հայցելով զօրակցութիւնն ու ամենառատ շնորհները յարուցեալ մեր Փրկչի։
Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալն Աստուած Իր անսահման ողորմութեան ներքեւ պահպանէ համայն աշխարհը, զօրացնէ մարդկանց սրտերուն մէջ խաղաղութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան հոգին եւ օրհնէ ապահով ու երջանիկ կեանք կառուցելու մարդկային ջանքերը։ Մեր հայցը երկինք կը բարձրացնենք, որպէսզի Տէրը խաղաղ պահէ մեր հայրենիքը, հաւատքով պայծառ եւ ոգիով արի՝ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը եւ Իր կենարար շնորհներով առաջնորդէ ընթանալու դէպի կեանքի լուսաւոր հորիզոններ։
Թող յարուցեալ Տիրոջ սէրը եւ խաղաղութիւնը ըլլան մեզի հետ՝ այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։