ԼՈՒՍԱՊԱՅԾԱՌ ՏՕՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով, աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Տիրոջ հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Լուսապայծառ տօնը առիթ հանդիսացաւ համընդհանուր հոգեւոր հրճուանքի եւ հաւատացեալ ժողովուրդը տաղաւարի աւետիսով զիրար ողջունեց անգամ մը եւս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ տօնակատարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի մեծահանդէս Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Մայր Տաճարի զանգերը առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին ուրախութեամբ, մինչ պատարագիչ Նորին Սրբութիւնը ծանրաշուք թափօրով Միածնաէջ Մայր Տաճար առաջնորդուեցաւ՝ հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ։ Տօնակատարութիւններուն ներկայ էին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի պետական աւագանին, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթութեան եւ մշակոյթի գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ եւ բազում ուխտաւորներ։ Ներկայ էին նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ միութեան 88-րդ համագումարի մասնակիցները։ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անդամներն ալ ներկայ էին հայրապետական Սուրբ Պատարագին։ Խորհրդաւոր այս արարողութիւնը Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով, ուստի համայն աշխարհի հայութիւնը հաղորդ դարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուած տօնական խանդավառութեան։ Հայրապետական Սուրբ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։
Բերկրառատ տօնին առթիւ տեղի ունեցած մեծահանդէս արարողութիւններէն վերջ մայրավանքի համալիրէն ներս սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։
ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Պոլսոյ մէջ եւս Սուրբ Զատիկը տօնուեցաւ մեծ ցնծութեամբ։ Մեր բոլոր եկեղեցիները լեցուեցան հաւատացեալներով, որոնք փութացած էին յարութեան աւետիսով ամրապնդուելու իրենց հաւատքին մէջ։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի տօնակատարութիւններուն նախագահեց, պատարագեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս տարի եւս հոծ բազմութիւն մը կուտակուեցաւ Գումգաբուի մէջ, ուր զանգակներու զուարթ ղօղանջը ջերմացուց բոլորին հոգիները։
Տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին առընթերակայ էր Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Վարդգէս Սրկ. Փեստիլճեան եւ այլ դպիրներ, ինչպէս նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, ըստ ընկալեալ սովորութեան, բարեյիշատակ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի շիրմին մօտ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն։ Ապա յարակից համանուն սրահին մէջ կատարուեցաւ տնօրհնէքի աւանդական կարգը, միշտ Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ։ Արարողութիւններու բոլոր հանգրուաններուն հաւատացեալները հետեւեցան հոգեւոր մեծ ուրախութեամբ եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արձակման աղօթքէն վերջ անոնք ուղղուեցան տօնական հրճուանքը տանելու իրենց ընտանեկան օճախները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, հաճելի անակնկալ մը ապրուեցաւ, երբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փութացած էր օրհնելու Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբի տօնական սեղանը։ Անցեալ Ս. Ծննդեան տաղաւարի Ս. Պատարագին յաջորդած ջրօրհնէքի արարողութեան ժամանակ կնքահօր դերը կատարած փոքրիկն Վանիկ Մանուէլեան եւ իր ընտանիքը փութացած էին՝ իրենց հետ բերելով տօնական մեծ կարկանդակ մը։ Վանիկ Մանուէլեան Հայաստանէն քաղաքս արտագաղթած ընտանիքի մը որդին է։ Իր ծնողքը Սրբազան Հօր բացատրեց, թէ Հայաստանի մէջ կայ ձեւաւորուած աւանդութիւն մը, ըստ որու, Ս. Ծննդեան ջրօրհնէքի կնքահայրը նոյն եկեղեցին կարկանդակ մը կը տանի յաջորդող Ս. Զատկուան պատարագին ժամանակ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ անգամ մը եւս իր օրհնութիւնը տուաւ Վանիկ Մանուէլեանին եւ կարկանդակն ալ հատեց՝ տօնական տրամադրութիւնով։
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Յետմիջօրէին, Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տաղաւարի աւանդական շնորհաւորական ընդունելութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորութիւնները ընդունեց իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը եւ մեր հոգեւորականաց դասուն անդամները։ Մեր համայնքին տօնը շնորհաւորելու փութացած էին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ընդունելութեան մասնակցեցան քաղաքական գործիչներ, քաղաքիս հայաբնակ շրջաններէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու մասնաճիւղերու եւ անոնց յարակից մարմիններու պատասխանատուներ, մտաւորականներ եւ այլ հիւրեր, որոնց շարքին աչքի կը զարնէր նաեւ Հիւսէյին եւ Քեզպան Հաթեմի ամոլը։
Ընդունելութեան թէ՛ սկիզբին եւ թէ վերջաւորութեան հայերէնով եւ թրքերէնով արտայայտուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հակիրճ ելոյթներ ունեցան նաեւ յունաց պատրիարքն ու ասորիներու պատրիարքական փոխանորդը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ ձեռնարկուած քաղաքական բարեփոխումները նպաստաւոր ազդեցութիւն կը գործեն նաեւ մեր համայնքային կեանքին վրայ։ Որպէս օրինակ ան մէջբերեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նոր շէնքին կառուցումը, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատկանող ընդարձակ տարածքին սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռբերման գործընթացէն ներս ապրուած դրական երեւոյթները, Գալֆաեան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի համատեղ ղեկավարման ծրագրին բարեյաջող ընթացքը եւայլն։ Ընդհանուր Փոխանորդը բարձր գնահատեց պետութեան դրական վերաբերմունքով պայմանաւորուած այս ձեռքբերումները եւ աւելցուց, թէ մեր համայնքային կեանքի առողջ ընթացքին համար պետութեան բարեացակամ վերաբերմունքին առընթեր անհրաժեշտ է նաեւ ներքին միասնականութիւնը, սէրը, համերաշխութիւնն ու զօրակցութեան ոգին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըսաւ. «Մենք նաեւ պէտք է զօրավիգ ըլլանք իրարու, որովհետեւ բոլորս իրարու պէտք ունինք»։
Հաւաքոյթի ընթացքին ընդհանուր փոխանորդը անդրադարձաւ նաեւ երկրէն ներս ստեղծուած մթնոլորտին՝ վերջին օրերու դէպքերու լոյսին տակ։ Ան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնով, ոճրագործութիւններով անկարելի է լուծում գտնել որեւէ հարցի համար, այլ ընդհակառակն՝ անոնք տեղի կու տան նոր վէրքերու բացուելուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մեծ ու ամուր պետութիւն մըն է եւ ի զօրու է ապահովելու իր բոլոր հայրենակիցներուն անդորրութիւնը։ Հետեւաբար, ան շեշտեց, որ փոքրամասնութիւններն ալ կը բաժնեն վերջին օրերու դէպքերուն պատճառով յառաջացած ցաւը եւ Ս. Զատկի տօնին օրը աղօթքներէն անպակաս եղած է նաեւ մեր երկրի անդորրութեան մաղթանքը։
Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ Իսթանպուլի կուսակալին եւ գլխաւոր քաղաքապետին կողմէ փոխանցուած են շնորհաւորութիւններ՝ մեր համայնքին, տաղաւարի առթիւ։
Բաց աստի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յորդորեց, որպէսզի մեր համայնքէն ներս ընտանեկան յարկերուն ներքեւ միշտ վառ ու արծարծուած պահուին հայ-քրիստոնեայ արժէքները, նոր սերունդը առաջնորդուի եկեղեցի, մեր վարժարանները պահուին նախանձախնդիր վիճակի մէջ ու մեր բոլոր բարենպատակ հաստատութիւններուն գործունէութիւնը կատարելագործուի։ Ան շեշտեց, որ սա թէեւ դժուար, բայց կարելի գործ մըն է, որու պատասխանատուութիւնը կը վիճակի մեր այսօրուան սերունդներուն։
Ընդունելութեան աւարտին նախ հիւրերը, յետոյ մեր համայնքային մարմիններուն պատասխանատուները, բարերաները եւ համայնքին անդամները աջահամբոյրի համար մօտեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որ տաղաւարի օրով փոխանցեց իր օրհնութիւնը բոլորին, նուիրելով նաեւ աւանդական զատկական կարմիր հաւկիթներ։
ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Միւս կողմէ, ընդհանուր փոխանորդը երէկուան ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ տաղաւարներու ընդունելութիւնը վերստին տեղի պիտի ունենայ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Երեք հանգրուաններով պիտի ընդունուին շնորհաւորութիւնները։ Առաջին փուլին՝ տաղաւարի իսկ օրը, համայնքի ներկայացուցիչները պիտի հիւրընկալուին Պատրիարքարանի մէջ, ուր յաջորդ օրը պիտի փութան միջեկեղեցական ներկայացուցիչները, ու վերջապէս՝ քաղաքական դէմքերը։