ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՆԱԽՈՐԴՈՂ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ

Այս շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կը կրէ «Աւագ» անուանումը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդի կիրակիով՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով:

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻՆ ունի «Անպտուղ թզենիի չորացման» խորհուրդը: Անիկա նուիրուած է աշխարհի՝ երկնքի ու երկրի արարչագործութեան: Այս օրը կը մտաբերեն այն ատեն, երբ Յիսուսի անէծքով չորցաւ անպտուղ թզենին:

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻՆ կը խորհրդանշուի «Տասը կոյսերու առակով»: Աւագ երեքշաբթին կապուած է նախորդ օրուան հետ։ Կ՚ակնարկուի, որ մեր առաքինի գործերով հոգեպէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս պիտի չորնանք թզենիի նման եւ հինգ յիմար կոյսերուն պէս պիտի մնանք երկնքի արքայութենէն դուրս:

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ՝ «Օծում եւ մատնութիւն»: Այս օրը Քրիստոսի մատնութեան յիշատակի օրն է: Կը յիշատակուի Քրիստոսի օծումը եւ Յուդայի մատնութիւնը: Այդ օրը Բեթանիայի մէջ, Սիմոն բորոտի տան մէջ կին մը թանկարժէք իւղով օծած է Յիսուսը, որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ մօտալուտ մահը:

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ՝ «Վերջին ընթրիք»ի օրն է: Ըստ Աւետարանի՝ այդ օրը հաստատուած է Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը: Միջօրէին կը մատուցուի Ս. Պատարագ: Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարուի օրուան երկրորդ կիսուն մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ կը խորհրդանշէ այն խոնարհութիւնը, որ ցուցաբերեց Քրիստոս Իր աշակերտներուն հանդէպ: Աւագ հինգշաբթի, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի հսկման (Խաւարում) կարգը: Այդ ժամանակ խորանի վրայ կը վառի տասներկու մոմ, իսկ մէկ մեծ մոմ կը դրուի կեդրոնը: Իւրաքանչիւր անգամ, երբ կ՚ընթերցուի Աւետարանը, մէկ-մէկ կը մարեն մոմերը, աւարտին կը մնայ միայն կեդրոնի մոմը: Անիկա կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ մինակ մնացեր էր: Աւագ հինգշաբթի երեկոյեան կը կատարուի «Խաւարման» արարողութիւնը: Խաչելութենէն առաջ Տիրոջ գլխուն փշէ պսակ դրին, ծաղրեցին, անարգեցին, ապա խաչեցին, ծարաւը յագեցնելու համար ջուրի փոխարէն լեղի տուին եւ մեռնելէն ետք ալ տէգով խոցեցին: Քրիստոս այս բոլոր չարչարանքները յանձն առաւ եւ խաչափայտին վրայ հոգին աւանդեց՝ մարդկութեան փրկութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար:

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԸ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութեան, խաչելութեան, մահուան յիշատակի օրն է: Առաւօտեան կը կատարուի ժամերգութիւն, կ՚ընթերցուին Աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին ժամերը՝ մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը, Պետրոսի ուրացումները, Պիղատոսի մօտ տանիլը, մահուան վճիռը, չարչարանքներն ու անարգանքը, Գողգոթայի վրայ խաչուիլը, արեգակի խաւարումը, մահը, թաղումը: Աւագ ուրբաթ պատարագ չի մատուցուիր, որովհետեւ Քրիստոս պատարագուեցաւ խաչի վրայ: Երեկոյեան արարողութիւնը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի թաղումը:

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ օրը նուիրուած է Յիսուսի թաղման, գերեզմանի կնքման: Քրիստոսը Յովսէփ Արեմաթացիի ձեռքով վար կը բերուի խաչափայտէն, կը փաթթուի պատանքով ու կը դրուի վիմափոր գերեզմանի մէջ: Վերջինիս մուտքը կը փակեն մեծ քարով: Յիսուս երրորդ օրը յարութիւն կ՚առնէ, ինչպէս որ Ինք մարգարէացած էր իր մասին:

Աւագ շաբթուան երեկոյեան մատուցուած ճրագալոյցի պատարագով կը սկսի Յարութեան տօնը, իսկ կիրակի օրը Զատկական պատարագով անիկա կը վերածուի համընդհանուր տօնախմբութեան: Յիսուս Իր մահով յաղթեց մահուան՝ մարդ արարածներուս փրկութեան համար: Երբ Զատկուան պատարագին կը լսենք «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսը, մենք ալ մեր ձայնը կը բարձրացնենք, ականատեսները կ՚ըլլանք Քրիստոսի յարութեան՝ պատասխանելով. «Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի»:

Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը, այս տարի, կը նշէ ապրիլի 12-ին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2020