ՀԱՂՈՐԴ՝ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ նշեց Ծաղկազարդը։ Թէեւ հաւատացեալներու հոգեւոր ուրախութիւնը մեծ էր, սակայն անոնք չկարողացան եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցիլ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին հետեւանքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ անդաստանի արարողութիւն, որու ընթացքին օրհ-նըւեցան աշխարհի չորս կողմերը։ Համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին բերումով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձատան մէջ պահուող Սուրբ Գեղարդով բաժնեց Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնները։ Աշխարհը եւ Հայաստանը պատուհասած համավարակի պայմաններուն ներքեւ, ի մխիթարութիւն եւ ի բժշկութիւն ժողովուրդի դուրս բերուած էր համաքրիստոնէական մեծագոյն սրբութիւններէն մին՝ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը, որ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ որմէ սփռուած օրհնութեան ներքեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցեց Տիրոջ հովանին համայն աշխարհին, Հայաստանին եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար։ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց վարակեալներու բժշկութեան, մեկուսացեալներու ոգիի ամրութեան, նեղացեալներու ու սգացեալներու մխիթարութեան եւ ի Քրիստոս ննջեցեալներու հոգիներուն՝ յաւիտենական կեանքի երանութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց Երկնաւորին նաեւ ուժ ու կարողութիւն շնորհել պետական այրերուն եւ այն բոլոր անձերուն, որոնք դժուարին հանգամանքներու մէջ իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը կը մատուցեն։
Անդաստանի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սարկաւագաց երգչախումբին եւ այլ միաբաններու կողմէ։ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը կատարեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Քարոզչութեան գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Համբարձումեան։ Անդաստանի արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը, զոր կը ներկայացնենք յարակից սիւնակին մէջ։