ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցած Անդաստանի արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ փոխանցեց իր պատգամը համայն հայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի խօսքը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած։
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. ամէն։
«Օրհնութի՜ւն Դաւթի Որդուն,
Օրհնեա՜լ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով,
Օրհնութի՜ւն բարձունքներուն»
(Մատթ. ԻԱ 9)
Սիրելի հաւատացեալ զաւակներ Մեր,
Այսօր Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ծաղկազարդը։ Այս հոգեպարար տօնը կը նշենք Քրիստոսամուխ Սուրբ Գեղարդի աստուածային հրաշագործ ու բուժիչ զօրութեան հայցով մեր ժողովուրդի եւ ամբողջ մարդկութեան համար։ Ծաղկազարդը, ինչպէս գիտէք, յիշատակն է Երուսաղէմ Փրկչի փառաւոր մուտքի, երբ ժողովուրդի բազմութիւնը ուրախութեամբ, ձիթենիի եւ արմաւենիի դալար ճիւղերը ձեռքերուն կը դիմաւորէր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ բացագանչելով. «Օրհնութիւն Դաւթի Որդւոյ, օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն՝ բարձունքներուն»։ Քրիստոս Երուսաղէմ կը բարձրանար որպէս «գառն Աստուծոյ», որպէսզի Իր կեանքը զոհաբերէր խաչի վրայ, Իր կենարար արեան հեղմամբ ազատագրէր մարդկութիւնը մեղքի գերութենէն եւ բանար դէպի Աստուած տանող արքայութեան դռները։ Ժողովուրդը զԻնքը կը դիմաւորէր՝ որպէս յաղթական թագաւոր, որ ազատութիւն պիտի բերէր օտար տիրապետութեան լուծէն։ Սակայն, Յիսուս մուտք կը գործէր՝ որպէս յաղթական թագաւոր, որու անձի մէջ Աստուծոյ խոստումները պիտի իրագործուէին, Ան պիտի յաղթէր մեղքին ու մահուան՝ ինքնազոհաբերութեամբ։ Աշխարհի փրկիչն ու թագաւորը, մարմնացեալ Աստուծոյ Որդին, մահացաւ անարգ մահով խաչափայտի վրայ, որպէսզի Իր յարութեամբ մարդոց շնորհէ յաւիտենական կեանքի անգին պարգեւը։ Այս մեծագոյն խորհուրդը դժուար ընկալելի էր եւ տակաւին դժուար ըմբռնելի է շատերու համար։
Սիրելիներ, այսօր բոլորիս հոգիներուն Ծաղկազարդի տօնի ուրախութեան ազնիւ զգացումներն են, բայց նաեւ՝ համայն աշխարհի եւ մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած համավարակի մտահոգութիւնը։ Ցաւ կ՚ապրինք, որ Աւագ շաբթուայ այս նուիրական օրերուն մեր հաւատաւոր զաւակները պիտի չկարողանան եկեղեցիներու մէջ համախմբուիլ եւ միասնաբար կատարել եկեղեցական արարողութիւնները, սակայն Մեր հայրական յորդորն է, որպէսզի աղօթէք տունը, ընթերցէք Աւետարանը, յատկապէս Աւագ շաբթուայ ընթերցուածները, եւ հոգեւոր ապրումներով ու խոկումով ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ՝ Իր երկրային կեանքի վերջին օրերու խորհուրդին հաղորդ։
Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդէն ճառագող օրհնութեան ներքեւ կատարեցինք Ծաղկազարդի անդաստանի արարողութիւնը՝ Մեր սրտին մէջ ունենալով մեր ժողովուրդը, ի մասնաւորի ապաքինման եւ մեկուսացման մէջ գտնուող Մեր զաւակները եւ դժուարին այս իրավիճակի յաղթահարման համար իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը բերող բոլոր անձերը։ Ամենաբուժիչ Սուրբ Գեղարդով օրհնեցինք ձեզ, սիրելի հաւատաւոր զաւակներ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս, որպէսզի զօրանաք հաւատով, յոյսով ու սիրով, որպէսզի Տէրը քաջառողջութիւն շնորհէ եւ ապահով պահէ ու պահպանէ ձեզ բոլորդ եւ փորձութեան այս օրերը յաղթահարէք Աստուծոյ շնորհով, ողորմութեամբ եւ օգնականութեամբ։ Մենք հաստատ համոզումը ունինք, թէ Տէրը պիտի ազատէ մեզ վիշտերէն ու տառապանքներէն, պիտի պարգեւէ ուժ եւ կորով, որպէսզի կարող ըլլանք միասնութեամբ, համատեղ ջանքերով վերականգնել մեր բնականոն կեանքը։ Հաւատաւոր զաւակներ Մեր, Հայրապետիս յորդորն է ձեզի, որ այս գիտակցութեամբ աղօթէք, այս տեսլականով գործէք՝ յանուն ձեր ընտանիքներու ապահովութեան, ձեր եղբայրներու ու քոյրերու առողջութեան։ Ամենայն լրջութեամբ խստագոյնս հետեւեցէք պատկան մարմիններու հրահանգներուն եւ կատարեցէք անհրաժեշտ բոլոր ցուցումները։ Գիտենք, որ իւրաքանչիւրդ նեղութիւններ կը դիմագրաւէք, կ՚ենթարկուիք հոգեբանական, առողջապահական, տնտեսական դժուարութիւններու, որոնց յանդիման առ Աստուած ապաւինութեամբ կը կոփուին ու կ՚ամրանան հաւատքը, մերձաւորին սիրոյ եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու, հայրենի պետութեան շուրջ համախմբուելու վեհ գաղափարները։ Այս հանգամանքներուն մէջ, որպէս Ամենայն Հայոց Հայրապետ, կոչ կ՚ուղղենք Մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ՝ ըստ կարելիութեան սրտաբուխ նուիրատուութիւն կատարել համավարակի դէմ պայքարի նպատակով բացուած պետական հաշուեհամարին՝ առկայ իրավիճակով պայմանաւորուած անմիջական կարիքներն ու անհրաժեշտութիւնները հոգալու համար։
Այս օրը, սովորաբար, Մանուկներու օրհնութեան առթիւ մեր եկեղեցիները լի կ՚ըլլային երեխաներով, անոնց ժպիտով ու ծիծաղով։ Մենք այսօր աղօթեցինք նաեւ մանուկներու առողջութեան, անոնց երջանիկ կեանքի եւ լուսաւոր գալիքի համար։ Առանձնակի հոգածութեամբ ու հոգատարութեամբ խնամատարենք երեխաները, շրջապատենք ամենայն սիրով ու գուրգուրանքով, սնենք ու դաստիարակենք ազգային, հոգեւոր մեր արժէքներով։
Սիրելի զաւակներ Մեր, տէրունական այս սքանչելի տօնի առիթով ընդունելով Տէրը մեր սրտերուն, փառաբանենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ անոր ովսաննա վերառաքենք ըսելով. «Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն՝ բարձունքներուն»։ Ամուր մնանք մեր յոյսի ու հաւատքի մէջ առ Տէրը, որ նոյնիսկ Իր կեանքը չխնայեց մեզի համար, Իր մահուամբ մահը խորտակեց եւ Իր Յարութեամբ մեզի յաւիտենական կեանք պարգեւեց։ Անոր փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։