Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ս. Զատկի տօնական օրուայ երեկոյեան Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը, որուն ընկերացան Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներն ու այլ հոգեւորականներ։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողքին էին Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեան։
Տօնական օրը առիթ հանդիսացաւ, որ երկու հոգեւոր առաջնորդները ողջագուրուին եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Ասորի Ուղղափառ պատրիարքին հետ զրուցեց երկու եկեղեցիներուն առընչուած հարցերուն շուրջ՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Միջին Արեւելքէ ներս անոնց գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ միւս եկեղեցիներուն հետ կապերը առաւել սերտացնելու կարելիութիւններուն վրայ։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021