ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այէթուլլահ Համանէյի ուխտագնացութիւններու հարցերով ներկայացուցիչ Սէիտ Ալի Կազի Ասքարը, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Իրեն կ՚ուղեկցէր Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Րէիսի։ Ողջունելով հիւրը՝ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով խօսեցաւ մշակութային եւ հոգեւոր-կրթական ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան մասին։
Զրոյցի տեւողութեան մտահոգութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ առկայ մարտահրաւէրներուն՝ համաշխարհայնացման ընթացքին, հոգեւոր-բարոյական արժէքներու անկման, ընտանիքներու պաշտպանութեան հարցին, աշխարհի մէջ սկիզբ առած ծայրայեղական շարժումներուն, որոնք իրենց կործանարար ազդեցութիւնը կը թողուն ամբողջ մարդկութեան կեանքին վրայ։ Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ առանձին երկիրներ եւ հոգեւոր-կրօնական հաստատութիւններ ի վիճակի չեն միայնակ դիմագրաւելու մարդկային կեանքը յուզող այդ մարտահրաւէրներուն։ Անոնք կարեւորեցին համատեղ ջանքերու գործադրումը՝ ի նպաստ զանազան ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչներու խաղաղ ու համերաշխ համակեցութեան, ինչպէս նաեւ հանդուրժողութեան եւ համագործակցութեան ոգիի զօրացման։