Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԵՊՍԿ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ԱՆԴԱՄ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի (ԵԵԽ) գագաթաժողովը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ, եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ ԵԵԽ-ի գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցաւ Կառավարման խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն, որու արդիւնքով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութենէն՝ Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան ընտրուեցաւ այդ խորհուրդի անդամ։ Նորին սրբազնութիւնը նախքան թեմակալ առաջնորդի ծառայութեան կոչուիլը շուրջ հինգ տարի (2010-2015) ղեկավարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական գրասենեակը։ Ան ԵԵԽ-ի աշխատանքներուն ներգրաւուած է աշխուժօրէն՝ իբրեւ Կեդրոնական յանձնախումբի անդամ (2007-2013)։

Միւս կողմէ, գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն մը, որուն մասնակցեցան զանազան եկեղեցիներու, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչ շուրջ 500 անձեր։ Արարողութեան հանդիսապետեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութենէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ գագաթաժողովին մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային եկեղեցիներու խորհուրդի դիտորդի կարգավիճակով։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները կատարեցին Արեւագալի ժամերգութիւն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը՝ քրիստոնէական արդարութեան մասին։

Նոյնպէս գագաթաժողովի օրերուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական պատուիրակութիւնը Նովի Սատ քաղաքի կեդրոնէն ներս կատարեց հոգեհանգստեան կարգ մը։ Այսպէս, այնտեղ կը գտնուի հայկական խաչքար մը, որ ձօնուած է՝ Սպիտակի մեծ երկրաշարժի օրերուն դէպի Հայաստան օգնութիւն փութացնելու համար թռիչք առած, սակայն դժբախտաբար անկում ունեցած օդանաւի արկածի զոհ դարձած եօթ օդաչուներու յիշատակին։ Այս հոգեհանգըս-տեան արարողութեան ալ ներկայ գտնուեցան ԵԵԽ-ի գագաթաժողովի բազմաթիւ մասնակիցներ եւ պատգամաւորներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018