ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց այն ինն նորաօծ քահանաները, որոնց ձեռնադրութիւնը կատարուած էր վերջերս։ Նորապսակ քահանաներուն կ՚ընկերանար լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Հայցելով նորաօծ քահանաներուն համար Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը՝ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան տեղեկացուց, որ եկեղեցականները աւարտելով իրենց քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը՝ անցեալ շաբաթավերջին իրենց անդրանիկ սուրբ պատարագները մատուցած էին զանազան եկեղեցիներուն մէջ։
Իր օրհնութիւնն ու հայրապետական պատգամը փոխանցելով քահանայ հայրերուն՝ Վեհափառ Հայրապետը զանոնք շնորհաւորեց եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց երիտասարդ հոգեւորականներու՝ հովուական ծառայութեան կոչուելուն առիթով։ Ըստ Վեհափառ Հայրապետին, անոնք պէտք է լրացնեն հոգեւոր սպասաւորներու շարքերը եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն բաւարարելու համար հաւատացեալներու հոգեւոր պահանջները։
Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ժամանակ նորաօծ քահանայ հայրերուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց եկեղեցականի կերպարին վրայ։ Ան մասնաւորապէս նշեց, որ ժողովուրդը մեծ ակնկալութիւններ ունի հայ եկեղեցականէն, զայն կ՚ընկալէ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ առաքելութեան կոչուած անձ ու կը փափաքի անոր մէջ տեսնել վեհ, մաքուր, աստուածայինը իր մէջ կրող սպասաւորը։ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց արդարացնել եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի սպասումները, չընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ եւ կոչման բարձր գիտակցութեամբ ու նուիրումով զօրացնել քրիստոնէական հաւատը ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Վեհափառ Հայրապետը քահանաներուն պատգամեց խօսքով, գործով ու կենցաղավարութեամբ աստուածասէր, բարեպաշտ ու հայրենասէր անձի օրինակ ըլլալ իրենց հօտին համար եւ անսակարկ ծառայութեամբ ա՛լ աւելի բարձրացնել Հայ Եկեղեցւոյ բարի համբաւն ու հեղինակութիւնը։
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ քահանաներուն ընծայեց մասնատուփեր, ձեռաց խաչեր եւ «Մաշտոց» ծիսարաններ։