«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻ ԿԵԱՆՔԸ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՆԴԷՊ։ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓՐԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿ Է ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԻՔԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ»

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ Սուրբ Ծննդեան տօ­նին առ­թիւ հա­մայն հա­յու­թեան փո­խան­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը։ Ստո­րեւ նոյ­նու­թամբ կը ներ­կա­յաց­նենք Նո­րին Սրբու­թեան ու­ղեր­ձը։

*

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն սրբոյ. ա­մէն։

«Եւ մի՛ կեր­պա­րա­նիք կեր­պա­րա­նաւք աշ­խար­հիս այ­սօ­րիկ. այլ նո­րո­գե­ցա­րո՛ւք ի նո­րո­գու­թիւն մտաց ձե­րոց, առ ի քննել ձեզ զլա՛ւն եւ ե­թէ զինչ են կամքն Աս­տու­ծոյ, բա­րին եւ հա­ճոյն եւ կա­տա­րեալ» (Հռոմ. ԺԲ 2)։

Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ,

Մեր Տի­րոջ Սուրբ Ծննդեան բերկ­րան­քով այ­սօր գո­հա­բա­նու­թիւն կը բարձ­րաց­նենք առ Աս­տուած։ Կը փա­ռա­բանենք Բեթ­ղե­հէ­մի մէջ ծնած Յի­սուս մա­նու­կը, որ աշ­խարհ ե­կաւ փրկե­լու կորստեան մատ­նուած մարդ­կու­թիւ­նը։

Աս­տու­ծոյ կող­մէ ա­րա­րուած աշ­խար­հի մէջ ա­ռա­ջին մար­դը՝ Ա­դա­մը, աս­տուա­ծա­յին պա­տուի­րա­նը խախ­տե­լով, ըն­թա­ցաւ Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­կա­ռակ, զրկուե­ցաւ շնորհ­նե­րէն ու պար­գեւ­նե­րէն Ա­րար­չին։ Ա­դա­մով մեղ­քը սկիզբ ա­ռաւ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ եւ մա­հը մուտք գոր­ծեց աշ­խարհ։ Աս­տուած, սա­կայն, իր ա­րար­չա­կան սի­րով ու ո­ղոր­մու­թեամբ նոր ի­րա­կա­նու­թիւն կեր­տեց մարդ­կու­թեան հա­մար։ Ի լրումն ժա­մա­նա­կի աշ­խարհ ա­ռա­քեց Իր Միա­ծին Որ­դին քա­ւե­լու մարդ­կու­թեան մեղ­քը եւ պար­գե­ւե­լու յա­ւի­տե­նա­կան կեանք։ Քրիս­տո­սով նո­րո­գուե­ցաւ մեղ­քե­րով փո­թոր­կուող աշ­խար­հը, մար­դոց տրուե­ցաւ նոր ա­րա­րած ըլ­լա­լու շնոր­հը, աշ­խար­հի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն, սէր եւ հա­ճու­թիւն հաս­տա­տե­լու պատ­գա­մը։ Տի­րոջ փրկա­գոր­ծու­թեան ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կը յոր­դո­րէ. այս աշ­խար­հի կեր­պա­րան­քով մի կեր­պա­րանուիք, այլ նո­րո­գուե­ցէք ձեր մտքի նո­րո­գու­թեամբ, որ­պէս­զի դուք քննէք լա­ւը եւ թէ ի՛նչ է Աս­տու­ծոյ կամ­քը՝ բա­րին եւ հա­ճե­լին եւ կա­տա­րեա­լը»։

Ա­ռա­քեա­լի այս խօս­քե­րը կ՚ար­տա­յայ­տեն ո­գին Ա­ւե­տա­րա­նի, ո­րու քա­րո­զու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէջ ար­գա­սա­ւո­րեց Քրիս­տո­սով նո­րո­գու­թեան ու­ղին՝ փո­խա­կեր­պե­լով մարդ­կա­յին կեան­քեր, փո­խա­կեր­պե­լով հա­սա­րա­կու­թիւն­ներ, ար­մա­տա­ւո­րե­լով մտա­ծո­ղու­թիւ­նը հա­մընդ­հա­նուր բա­րօ­րու­թեան եւ աշ­խար­հի մէջ ար­դա­րու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման։ Ցա­ւա­լիօ­րէն, սա­կայն, Աս­տու­ծոյ հա­կա­ռակ մեղ­սա­գործ ըն­թացք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Չեն դադ­րիր պա­տե­րազմ­նե­րը, հա­կա­մար­տու­թիւն­ներն ու ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րը, կ՚ոտ­նա­հա­րուին մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը, ար­դար դա­տա­պար­տու­թիւն չեն գտներ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներն ու մշա­կու­թա­յին ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Ըն­չա­քաղ­ցու­թիւ­նը, հարս­տա­նա­լու մար­մա­ջը կը մղեն խա­բէու­թեան ու չա­րա­շա­հում­նե­րու, պատ­ճառ կը դառ­նան մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու, կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն հա­սա­րա­կու­թեան բե­ւե­ռաց­ման, ըն­կե­րա­յին ա­նար­դա­րու­թեան։ Գթասր­տու­թեան եւ ազ­նուու­թեան կող­քին ա­կա­նա­տես ենք ա­տե­լու­թեան եւ նեն­գա­դա­ւու­թեան, խո­նար­հու­թեան եւ ծա­ռա­յա­նուի­րու­մի յան­դի­ման՝ փա­ռա­սի­րու­թեան եւ իշ­խա­նա­տեն­չու­թեան մո­լուցք­նե­րու։ Այս բո­լոր վէր­քե­րու վրայ Քրիս­տո­սի մար­դե­ղու­թեան խոր­հուր­դը կը պար­զէ յոյ­սը նո­րո­գու­թեան, որ­պէս­զի Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լի խօս­քին հա­մա­ձայն՝ մար­դիկ քննեն լա­ւը «եւ թէ ի՛նչ է Աս­տու­ծոյ կամ­քը՝ բա­րին եւ հա­ճե­լին եւ կա­տա­րեա­լը» եւ ապ­րին աս­տու­ծա­հա­ճոյ ի­րա­գոր­ծում­նե­րով։

Աս­տուա­ծա­յին կամ­քին հա­մա­ձայն ըն­թաց­քը կան­գուն կը պա­հէ աշ­խար­հը եւ կեան­քը կը զար­դա­րէ սի­րով, խա­ղա­ղու­թեամբ, ար­դա­րու­թեամբ, ճշմար­տու­թեամբ, զորս Աս­տուած շա­րու­նակ կ՚ա­ճեց­նէ հա­ւա­տա­ւոր հո­գի­նե­րու մէջ։ Քրիստո­սով նո­րո­գու­թեան վկա­յու­թիւնն է, որ մենք՝ իբ­րեւ քրիս­տո­նեա­ներ պի­տի բե­րենք աշ­խար­հի մէջ։ Քրիս­տո­նեա­յի կեան­քը ներ­գոր­ծուն ա­ռա­քե­լու­թիւն է մարդ­կանց եւ աշ­խար­հի հան­դէպ։ Քրիս­տո­սի փրկա­գոր­ծու­թիւ­նը օ­րի­նակ է հա­մա­մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին բա­րի­քի հաս­տատ­ման մէջ տես­նե­լու սե­փա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ միաս­նու­թեան մէջ կեր­տե­լու եր­ջան­կու­թեան, յա­ռա­ջըն­թա­ցի, ձեռք­բե­րում­նե­րու ու­ղի­նե­րը։ Այս­պէս կեան­քը ինք­նան­պա­տակ ըլ­լա­լէ կը դառ­նայ նուի­րում, աշ­խա­տան­քը՝ ա­րա­րում, գի­տու­թիւ­նը, տա­ղան­դը՝ հա­մընդ­հա­նուր բա­րիք, իշ­խա­նու­թիւ­նը՝ ծա­ռա­յու­թիւն ժո­ղո­վուր­դին, իսկ մար­դու երկ­րա­ւոր, ան­ցո­ղիկ կե­ցու­թիւ­նը՝ բաղ­ձանք ու ձգտում դէ­պի յա­ւի­տե­նու­թիւն։

Նո­րո­գու­թեան ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ-­գա­մը եւ ա­ռա­քե­լա­կան յոր­դո­րը մշտա­հունչ եւ կեն­սու­նակ են մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Ա­ւե­տա­րա­նով նո­րո­գեալ կեան­քը դա­րեր շա­րու­նակ մեր ազ­գին պար­գե­ւած է հա­ւատ­քի զօ­րու­թիւն, հո­գիի ամ­րու­թիւն ու ա­րիու­թիւն՝ դի­մա­կա­յե­լու փոր­ձու­թիւն­նե­րու, համ­բե­րե­լու նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րե­լու գրոյ յի­շա­տա­կի ար­ժա­նի գոր­ծեր։ Նոյն ո­գիով այ­սօր կը դի­մագ­րա­ւենք հայ­րե­նի մեր երկ­րի ա­նօ­րի­նա­կան շրջա­փա­կու­մը, կեան­քե­րը խլող սադ­րիչ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, կը յաղ­թա­հա­րենք մեր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած դժուա­րու­թիւն­նե­րը, կը դի­մա­կա­յենք մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ ջան­քեր կը բե­րենք՝ կեր­տե­լու խա­ղաղ ու բա­րօր կեան­քը մեր ժո­ղո­վուր­դի, սա­տար կանգ­նե­լու Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ պա­տե­րազ­մա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը կրող մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն։ Ներ­կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու յան­դի­ման Քրիս­տո­սի ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը կեան­քի նոր ար­շա­լոյս կը բա­նայ, կը ջեր­մաց­նէ մեր հո­գի­նե­րը եւ կը յա­ւե­լէ յոյս ու լա­ւա­տե­սու­թիւն։

Փրկչի Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան խոր­հուր­դի առ­ջեւ այ­սօր ա­ռա­քե­լա­կան նոյն յոր­դո­րը կը բե­րենք, սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ, Աս­տու­ծոյ կամ­քին հե­տե­ւե­լու, բա­րին ընտ­րե­լու, դէ­պի կա­տա­րեա­լը ըն­թա­նա­լու, տո­գո­րուե­լու կեան­քը բա­րե­փո­խե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ ու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։ Պահ­պա­նենք մեր սրտե­րը որ­պէս բեթ­ղե­հէ­մեան գողտ­րիկ ան­ձաւ­ներ աս­տուա­ծա­յին ներ­կա­յու­թեան՝ լի­նե­լու Փրկչին ճշմար­տա­պէս երկր­պա­գող­ներ, ո­ղոր­մած, ար­դա­րա­միտ ու եղ­բայ­րա­սէր։ Զօ­րա­նանք Տի­րոջ­մով, որ­պէս­զի կա­րող ըլ­լանք ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նել մեր յոյ­սե­րը, ի­րա­գոր­ծել ազ­գա­յին մեր նպա­տակ­նե­րը։ Մեր հո­գի­նե­րուն մէջ վառ պա­հենք հա­ւատ­քը՝ որ­պէս առ Տէրն ա­ռաջ­նոր­դող բեթ­ղե­հէ­մեան աստ­ղա­լոյս եւ ի­մաս­տուն մո­գե­րու պէս մեր կեան­քի ճա­նա­պար­հը միշտ դարձ­նենք հա­ւա­տար­մու­թիւն եւ նուի­րում առ Տէ­րը մեր Յի­սուս Քրիս­տոս, հա­ւա­տար­մու­թիւն ու նուի­րում առ հայ­րե­նին եւ Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին։

Քրիս­տո­սի Սուրբ Ծննդեան բերկ­րա­լի ա­ւե­տի­սով եղ­բայ­րա­կան ող­ջոյն կը յղենք եւ մեր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կը բե­րենք Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սին, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նին, Պոլ­սա­հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նին եւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­բողջ հո­գե­ւոր դա­սուն։ Մեր ջերմ ող­ջոյ­նը կը յղենք եւ մա­նուկ Յի­սու­սի փրկա­րար շնորհ­նե­րը կը հայ­ցենք քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րուն ու ա­նոնց հա­ւա­տա­ւոր հօ­տին։

Մեր ող­ջոյ­նը կը յղենք եւ Տի­րոջ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը մաղ­թենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Սերժ Սարգ­սեա­նին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Բա­կօ Սա­հա­կեա­նին, մեր օրհ­նու­թիւնն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կը բե­րենք Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին, վար­չա­պե­տին, հա­յոց պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին եւ Հա­յաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Հայ­րա­կան մեր սէրն ու օրհ­նու­թիւ­նը՝ հա­ւա­տա­ւոր հա­մայն մեր զա­ւակ­նե­րուն, ի Հա­յաս­տան, յԱր­ցախ եւ ի Սփիւռս։

Սուրբ Ծննդեան տօ­նի այս նուի­րա­կան օ­րը ա­ղօթք կը բարձ­րաց­նենք առ մար­դա­ցեալ Աս­տու­ծոր­դին ողջ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան, աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար։ Կը հայ­ցենք, որ Բա­րին Աս­տուած մար­դոց սրտե­րէն հե­ռաց­նէ բռնու­թեան եւ ա­տե­լու­թեան ո­րոմ­նե­րը եւ սեր­մա­նէ սի­րոյ եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան շնորհ­նե­րը՝ ի­րա­գոր­ծե­լու Աս­տու­ծոյ կամ­քը՝ «բա­րին եւ հա­ճե­լին եւ կա­տա­րեա­լը»։ Թող Տէ­րը իր օրհ­նու­թեան եւ Սուրբ Ա­ջի ա­մե­նախ­նամ հո­վա­նիին ներ­քեւ պահ­պա­նէ մեր եր­կի­րը, պայ­ծառ պա­հէ մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին եւ հա­ւատ­քի ու հա­ւա­տոյ գոր­ծոց շա­ւիղ­նե­րուն մէջ ա­ռաջ­նոր­դէ մեր կեան­քը՝ փա­ռա­բա­նե­լու իր սուրբ ա­նու­նը այ­սօր եւ միշտ եւ յա­ւի­տեանս. ա­մէն։

Քրիս­տոս ծնաւ եւ յայտ­նե­ցաւ։ Ձե­զի եւ մե­զի մեծ ա­ւե­տիս։

Շաբաթ, Յունուար 7, 2017